
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ Ուրբաթ, Մարտ 23ին կայացած է Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի ներկայացումը՝ երիտասարդ մարզիկներու, մարզիչ Քարլ Պարտաքեանի, Քալիֆորնիա ապրող երբեմնի ախոյեաններու եւ մարզական տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութեան հասած մարզիկներու մասնակցութեամբ:
Ազգային հաւաքականի կազմը ձեւաւորման փուլի մէջ է: Մարզիչ Պարտաքեան մտադիր է ներգրաւել ոչ միայն ամերիկահայ պասքեթպոլիսթներ, այլեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքները ներկայացնող երիտասարդ ուժերը:
Պասքեթպոլի երբեմնի անուանի մարզիկ Ա. Համամջեան երիտասարդ խաղացողներուն ներկայացուց 1940ականներու վերջաւորութեան Հայաստանի ազգային հաւաքականի ձեւաւորման պատմութիւնը: Այն ատեն, հայ պասքեթպոլիսթները մեծ յաջողութիւններու հասած էին Խորհրդային Միութեան մէջ: Համամջեան երիտասարդներուն յաջողութիւն մաղթեց միջազգային ասպարէզի մէջ:
Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի կազմը ձեւաւորելու պատասխանատուութիւնը ինկած է լոսանճելըսահայ համայնքի ուսերուն, որովհետեւ այս համայնքին մէջ ձեւաւորուած են մարզական լաւ աւանդոյթներ, կը գործեն մարզական բազմաթիւ ակումբներ, որոնց սաները յաջողութիւններ արձանագրած են տարբեր մրցանքներու մէջ: Վերջին լաւագոյն օրինակը Համահայկական խաղերու ընթացքին հայ պասքեթպոլիսթներու գերազանց խաղն էր, որուն շնորհիւ անոնք հայրենիքէն վերադարձան բարձրագոյն մրցանակներով:
Մարզիչ Քարլ Պարտաքեան նշեց, որ նորաստեղծ հաւաքականը Յունիսին պիտի մասնակցի իր միջազգային առաջին մրցաշարքին, որ Իտալիոյ մէջ պիտի կայանայ՝ մասնակցութեամբ 8 հաւաքականներու, Պասքեթպոլի միջազգային դաշնակցութեան (FIBA) հովանիին տակ:
Համայնքի վաստակաշատ մարզիկները յաջողութիւն մաղթեցին իրենց կրտսեր գործընկերներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ լաւ պատրաստուածութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու անպայման յաղթելու հաստատակամութիւնը կը նկատեն նորաստեղծ խումբի անդամներուն մէջ, ինչ որ յաջողութեան հասնելու նախապայմաններն են: