
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական մամուլը, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան՝ Ապրիլի 24ին ընդառաջ, կը շարունակէ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կապուած յօդուածներու հրապարակումը:
«Ռատիքալ»ի մէջ շաբաթասկիզբը լոյս տեսած եւ հայութեան վնասուց հատուցում տրամադրելու կոչ ընող Օրհան Քեմալ Ճենկիզի յօդուածէն ետք, «Զաման»ի յօդուածագիր Տողու Էրկիլ Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին գրած է, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը պիտի չվերանայ, եթէ իշխանութիւնները այդ նպատակով ազդու միջոցառումներու չդիմեն:
Հեղինակը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառներէն մէկը կը համարէ այն, որ «թուրքերը չեն ուզեր, որ աշխարհը իրենց ճանչնայ իբրեւ յանցագործներու ժառանգորդներ: Այն փաստը, թէ թրքական պետութիւնը կառուցուած է այլ ժողովուրդներու ոչնչացման եւ ձուլման վրայ՝ հիասթափեցնող է»:
Երկրորդ պատճառը իրաւական եւ նիւթական փոխհատուցման օրինական պահանջներու հնարաւորութիւնն է: «Թուրքիոյ մէջ 1915ի իրադարձութիւններու նկատմամբ իրաւական բնորոշում մշակուած չէ: Ոչ մէկ ճշմարտանման բացատրութիւն կայ, թէ հայերը ինչո՞ւ Անատոլիայէն արտաքսուած են եւ ինչո՞ւ մինչեւ այժմ անոնց կրած վնասներուն համար փոխհատուցում չէ կատարուած», կը գրէ ան:
Ապա ան կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ վաւերացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու մասին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Արձանագրութիւնները:
«Թրքական պետութիւնը կրնայ ներողութիւն խնդրել անցեալին իր կատարած ցաւալի գործերուն համար: Թուրքիա պէ՛տք է մարդասիրական նախաձեռնութիւն ստանձնէ՝ օսմանցի հայ քաղաքացիներու ժառանգորդներուն փոխհատուցելու համար: Ան նաեւ պէտք է քաղաքացիութիւն տայ այն բոլոր հայ ժառանգորդներուն, որոնք կը ցանկանան դառնալ Թուրքիոյ քաղաքացի», կը գրէ Էրկիլ: