
16 Ապրիլին «Թումօ» կեդրոնին անդամները կեդրոնին մէջ կազմակերպուած մունջ շարժապատկերներու մարաթոնի ծիրին մէջ դիտեցին Չարլի Չափլինի հեղինակած 14 կարճ ժապաւէնները՝ նշելով հանրայայտ դերասանին ու բեմադրիչին ծննդեան օրը:
Այնուհետեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան հետ համագործակցութեան շնորհիւ «Թումօ»ի մէջ հիւրընկալուեցաւ իտալական պատուիրակութիւն մը: «Թումօ»ի անդամներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց դեսպան Պրունօ Սքափինին, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Լ՛Իթալիա տէլ ֆութուրօ» շարժապատկերը։
Այնուհետեւ իտալացի երկու ճարտարապետներ ներկայացուցին Միլանի եւ Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարաններուն համագործակցութիւնը՝ մագիստրոսական ծրագիրներուն վերաբերող։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ իտալացի կիթառահար Մարքօ Մինանի ելոյթով:
16 Ապրիլը կը նկատուի նաեւ հայ շարժապատկերի ծննդեան օրը, քանի որ 1923 թուականին ճիշդ այդ օրը ընդունուած է «Պետական կինոյի կազմակերպման մասին» կառավարական որոշումը, որով ազգայնացուած են բոլոր մասնաւոր շարժապատկերի թատրոնները:
Մշակութային ձեռնարկներուն շարքը աւարտեցաւ «Թումօ»ի մէջ ստեղծուած երաժշտական «Կարաժ» խումբի ելոյթով, որ նուիրուեց հայ շարժապատկերի հիմնադրութեան: Պենտի պատանիները կատարեցին իրենց հեղինակած 5 ստեղծագործութիւնները՝ շարժապատկերի բեմադրիչ Համօ Բեկնազարեանի «Շոր եւ Շորշոր» կատակերգութեան թեմայով: