ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումի տարելիցին առիթով, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւներ կոչ ուղղեցին՝ անցեալէն դասեր քաղելու եւ նոյն մահացու սխալին մէջ չիյնալու:
Նշեալ բովանդակութիւնը կրող պատգամներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ հաւաքներ, որոնց շարքին նաեւ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն հաւաքական աղօթքը, որ Ապրիլ 13ի երեկոյեան կատարուեցաւ Մաթհաֆի շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանի պետական թանգարանի մուտքին:
Նաեւ, Ռիատ Սոլհի անուան հրապարակին վրայ կայացաւ նստացոյց մը, որուն մասնակցեցան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն հարազատները: