ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սենեկային երաժշտութեան համերգներու «Լուսաւորում» շարքի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 4ին, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Մարինա Մանուկեանի, Սարգիս Գիւրքճեանի, Շան Մենի, Ճան Ուոլցի, Տէյվիտ Եանկի, Անահիտ Ռոստոմեանի եւ յատուկ հիւրեր՝ Էլիսա Ճանսթընի ու Քալիսթա Հոֆմընի: Պիտի կատարուին Կոմիտասէն, Մոզարթէն, Շուպերթէն, Չայքովսքիէն ու Փերկոլեսիէն կտորներ:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ENLChamberMusic.org հասցէին կամ (818) 566-1056 թիւին:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Unitarian Universalist» եկեղեցւոյ մէջ, որուն հասցէն է՝ 301 N. Orange Grove Blvd., Pasadena, CA, 91103: