ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
«Ազգերը չեն կրնար զատուիլ իրենց անցեալէն առանց պատիժի»
Յ. ՕՇԱԿԱՆ
Այսօր, տակաւին կան հայեր, որոնք կ՛ուզեն զատուիլ իրենց անցեալէն: Ինչո՞ւ: Շատ պարզ է: Որովհետեւ կ՛ուզեն հանգիստ ապրիլ եւ վայելել կեանքը: Եւ… ի՞նչ ըսել է կեանքը վայելել: «Նորմալ» մարդուն համար, այդ կը նշանակէ ապրիլ երկար եւ առողջ… առանց զրկանքներու:

Ակնարկելով Օշականի վերոյիշեալ մտքին (ԲԱԳԻՆ, Յ. Օշական, Փետրուար 1974, էջ 80), ինչ որ առաջին հերթին ինծի սոյն գրութիւնը թելադրեց, կը տարուիմ մտածելու, թէ մենք ե՞րբ զատուեցանք մեր անցեալէն, որ մինչեւ այսօր կը կրենք այդ պատիժը:
Ի՞նչ փոխուած է այսօր: Անցած են այն օրերը եւ այն սերունդները, որոնք ստրուկի պէս կը մտածէին եւ ստրուկի հոգեբանութիւն ունէին: Դժբախտաբար, սակայն, տակաւին կան նմոյշներ այդ սերունդէն, որոնք կ՛ուզեն զատուիլ իրենց անցեալէն: Նոյնիսկ, հայրենիքի մէջ, վերանկախացման առաջին տարիներուն, կար մշակոյթի նախարար մը, որ կը պնդէր, թէ աշակերտներուն պէտք չէ խօսիլ կամ դասաւանդել Եղեռնի մասին, ժխտական հոգեվիճակ չստեղծելու համար նոր սերունդին մէջ:
Վերադառնալով Յ. Օշականի մտքին, հաստատենք թէ մենք երբեք չենք զատուած մեր անցեալէն մինչեւ հիմա, եւ երբեք ալ պիտի չզատուինք յետ այսու: Ընդհակառակը. մեր յիշողութիւնը հետզհետէ կ՛ուռճանայ այնքան, որ կը հաւատանք, թէ մեր յաջորդ սերունդները եւս բնաւ պիտի չզատուին իրենց հայրերու եւ մեծ-հայրերու անցեալէն: Վկայ. մեր այսօրուան երիտասարդութիւնը, որ ոգի ի բռին կ՛աշխատի, ամէն առիթով թուրքին յիշեցնելու համար իր «թրքութիւնը»: Թուրքը միշտ պիտի գիտնայ մեր վճռակամութիւնը այս հարցին շուրջ:
Երբեմն կը մտածեմ, կամ մեզի մտածել կու տան, թէ մեր այս հոգեբանութիւնը հիւանդագին է: Ես կը մտածեմ նոյնիսկ, որ այս հիւանդութիւնը ժառանգական է. որ ան կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ դրօշարշաւի պէս: Ներկայիս, կրնանք ըսել, թէ այդ հիւանդութիւնը կը փոխանցենք յաջորդ սերունդին, բան մըն ալ աւելիով: Կը հաւատամ, որ Հայ Դատին հաւատացողներուն միակ յոյսը երիտասարդութիւնն է այսօր: Բայց պէտք է արագ շարժինք: Որովհետեւ ժամանակը մեր կարծածէն շատ աւելի արագ կը թաւալի:
Շարունակելով մտորումներս, երբեմն, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, թէ հայերը մրջիւններ են, որոնք ոտքի կոխան կ՛ըլլան միշտ այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք նոյնիսկ «ներողութիւն» մը չեն ըսեր եւ, վստահ եմ՝ չեն ալ զղջար՝ արարքէն ետք: Մենք այդքա՞ն մանր ենք արդեօք, որ մարդիկ ընդհանրապէս չեն տեսներ մեզ: Բայց, մեզ պիտի տեսնեն կամայ-ակամայ, եթէ մեծ խումբերով քալենք. նոյնիսկ այդ անտեղի հարցումները ընողներուն հետ:
***
Գիտենք. կան մեր դատին պէս դատեր ունեցող ժողովուրդներ, որոնցմով ամբողջ աշխարհ կը տագնապի եւ կը հետապնդէ անոնց «արդար» դատը: Ռոտեզիա, Սուտան (Տարֆուր), եւայլն: Անուանի դերասաններ, ինչպէս օրինակ՝ ամերիկացի դերասան Ճորճ Քլունի, այնքան շատ կ՛աշխատի Տարֆուրի համար, որ մարդ կը նախանձի ի տես այն հոգատարութեան, որուն արժանի կ՛ըլլան այլ ազգեր: Իսկ մենք՝ բնաւ… եւ ո՛չ մէկ ատեն: Ուրեմն, ճիշդ է թէ մենք մրջիւններ ենք: Ահա՝ ԱՅՍ է մեր պատիժը:
Երբ կը խօսինք արդար հատուցման մասին Թուրքիոյ կողմէ, դժբախտաբար, ունինք հայրենակիցներ, որոնք անդադար եւ անպայման կ՛ըսեն. «է՛հ, եթէ այդ հողերը մեզի տան, ո՞վ պիտի երթայ եւ ապրի այնտեղ»: Այսինքն, տակաւին պայքարի չսկսած, արդէն իսկ պարտուած են: Մենք կ՛երթանք թէ չենք երթար, ատիկա մեր գիտնալիքն է: Կ՛ապրի՞նք այդ հողերուն վրայ, թէ ոչ. այդ ալ մեր գիտնալիքն է: Մեր հողը մեզի կը պատկանի, ոչ թէ թուրքին: Անոր ապագայ ճակատագրով մենք կը մտահոգուինք, ո՛չ թէ թուրքը:
Վերոյիշեալ հայրենակիցները մեզի ըսել կ՛ուզեն. «Մեզ մի անհանգստացնէք ձեր մոլեռանդ ազգայնականութեամբ: Ձգեցէք որ հանգիստ ապրինք: Հոս կամ հոն՝ ի՞նչ տարբերութիւն կ՛ընէ: Կարեւորը այն է, թէ կ՛ապրինք: Եւ մտածե՜լ, որ թերեւս այս խօսքերը ըսողներուն մեծ հայրը, մեծ մայրը, հօրաքոյրն ու մօրաքոյրը, հօրեղբայրն ու մօրեղբայրը զոհուած են աքսորի ճամբուն վրայ, կամ աւելի կանուխ՝ իրենց հօրենական տան շեմին: Ո՛չ մէկ երիտասարդ հայ կամ հայուհի, պիտի չուզէ որեւէ տեսակի կապ ունենալ այդպիսի պարտուողական հոգի ունեցող մէկուն հետ: Պիտի չուզէ նոյնիսկ սուրճ մը առնել՝ անոր ընկերակցութեամբ: Ոչ ալ պիտի կարենայ զրուցել անոր հետ: Այդպիսի փիլիսոփայութիւն ունեցող հայ մը չի կրնար որեւէ բան ճիշդ ընել կամ ճիշդ ըսել, որովհետեւ ճիշդ չի զգար. գէթ մեր տեսակէտէն: Այսինքն բան մը, շատ կարեւոր բան մը պակաս է այդ հոգիին մէջ, եւ շատ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ան ինքզինք հայ չկոչէ: Ասիկա ցեղապաշտութիւն չէ, այլ արդարութեան որոնում. բան մը զոր երբ գտնենք, վստահ ենք, որ մեր նահատակներուն սիրտը «պիտի հովանայ»:

Ասիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ, ինչպէս Օշական կ՛ըսէ, կան հայեր, որոնք «զատուած են իրենց անցեալէն»: Ճիշդ այդ պատճառաւ իսկ, ՄԵՆՔ բոլորս կը կրենք գլխագրով այդ Պատիժը: Բայց, ես վստահ եմ, կու գայ օր, որ իրենց պատիժը պիտի ըլլայ աւելի մեծ քան մերը: Ժամանակի ընթացքին, այդ պատիժը պիտի ըլլայ աւելի ահագնացած եւ անտեղիտալի, եւ մենք ցաւով պիտի դիտենք ոչխարներու այդ հօտը, որուն վախճանը պիտի գայ շատ շուտով: Անոնք կրնան վերապրիլ, բայց ո՛չ իբրեւ հայեր: Այն ատեն, թող երթան եւ վայելեն այդ անիմաստ կեանքը, որ ոչ սկիզբ ունի եւ ո՛չ վերջ, ինչպէս որ ընդհանրապէս կը նկարագրուի կեանքը՝ դժոխքի մէջ:
Կը մօտենայ Եղեռնի հարիւրամեակը եւ հայեր ակնդէտ կը սպասեն այդ օրուան, յաւուր պատշաճի ոգեկոչելու համար զայն: Արդեօք աւելի լաւ չէր ըլլա՞ր որ այդ բոլոր ծախսալից ձեռնարկներուն փոխարէն, հրատարակչական հիմնադրամ մը ստեղծէինք՝ գործածելու Ցեղասպանութեան «թեմայով» անգլերէն կամ այլ լեզուներով ուսումնասիրութիւններ հրատարակելու աշխատանքին համար, որպէսզի աշխարհը դուրս գայ իր թմբիրէն. նուազագոյնը՝ տեղեակ ըլլայ եւ հասկնայ մեր դատը: Այդ ուսումնասիրութիւնները ուշադրութիւն գրաւող եւ համոզիչ հատորներ պէտք է ըլլան, եւ ոչ՝ տարիներէ ի վեր կրկնուող հնաբանութիւններ: Թիրախը օտարներն են եւ մեր երիտասարդները, նաեւ ինչո՞ւ չէ, հայութեան այն մասը, որ իր հայրենակիցներուն առջեւ կը դնէ միշտ յաւիտենական սա հարցումը. «Ըսենք թէ մեր հողերը մեզի վերադարձան, դուն կ՛երթաս կ՛ապրի՞ս այնտեղ»:
Այստեղ եւս, Օշականէն այլ մէջբերում մը.
«Մոռցած ենք ՀՈՂԸ, թէ՛ իբրեւ յղացք, թէ իբրեւ զգայնութիւն:
«Մեր արիւնէն իսկ ջնջուած ըլլալու է այն հպարտ ու գեղեցիկ «ապահովութիւնը, որ հոգեվիճակն է հաւանաբար կարգ մը ժողովուրդներու, «իրենց սահմաններուն մէջ բերդացած ու ահազդու: Չեմ բանար սա զուգորդութիւններու «կախարդ հանգոյցը: Հիմա ո՛չ արքայ ունինք, ոչ նախարար» (ԲԱԳԻՆ, Յակոբ Օշական, «Մոռցուած Բաներ», Յունիս 1974, էջ 1):
Իսկ յիշելով Մուշեղ Իշխանը՝ «Ալ կը բաւէ Տէր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ, թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես…»: