
Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագ մը, որուն ընթացքին, քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը հաւաքուեցաւ, որպէսզի մասնակցի պահանջատիրական բողոքի երթին:
Պատարագէն ետք, Ախալցխայի հայութիւնը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով ու պահանջատիրական բազմաթիւ պաստառներով քալեց դէպի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոց: Ապա Ախալցխայի հայ ժողովուրդը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով բարձրացաւ Մարտա թաղամաս, ուր տեղադրուած է Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ խաչքար-յուշակոթող մը:
Ներկաները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու աղօթեցին Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներուն համար:
Նշենք, որ օր մը առաջ՝ Ապրիլ 23ի երեկոյեան, «Վրաստանի հայ համայնք» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ջահերով երթ մը: æահեր եւ ցուցապաստառներ բարձրացուցած հայ համայնքի երիտասարդները, Թիֆլիսի յաղթանակի զբօսայգիէն ուղղուեցան դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Արդարութեան վերականգնման պահանջատիրական կոչեր ուղղուեցան թրքական իշխանութիւններուն: Մասնակիցները պահանջեցին Թուրքիոյ պետութենէն, որ պատմութենէն հրաժարելու եւ կատարուած ոճրագործութիւնները ժխտելու փոխարէն՝ խոստովանի իր յանցանքն ու խոնարհի մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ կատարուեցաւ խաղաղ հանրահաւաք մը: Ընթացքին մասնակիցները բոլոր պատգամաւորներուն ուղղուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Վրաստանի հայութեան դիմումը յանձնեցին:
Իսկ Ախալքալաքի մէջ, Ապրիլ 23ին, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց արդէն աւանդական դարձած ջահերով երթը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին: Պետական եւ Եռագոյն դրօշներով ու պաստառներով բազմաթիւ երիտասարդներ հաւաքուած էին Ախալքալաքի Տաւշանկա լերան մօտ գտնուող այգիին շուրջ, ուր տեղադրուած է մեծն գուսան æիւանի արձանը:
Երթի ընթացքին, երիտասարդները իրենց բողոքը արտայայտեցին Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան համար եւ Վրաստանի խորհրդարանէն պահանջեցին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: