ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Ապրիլ 24ին, ատրպէյճական կողմը «իսթիքլալ» զինատեսակով կրակած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ առողջապահական ինքնաշարժի մը վրայ, որուն հետեւանքով՝ վիրաւորուած են զինուորական երկու ծառայողներ՝ Անդրանիկ Մատոյեան եւ Էռնեստ Սարգսեան:
Ըստ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ հաղորդագրութեան՝ վերջին քանի մը օրերուն ատրպէյճանական զօրքերը սահմանի վրայ շատ խախտած են հրադադարը՝ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ աւելի քան 2000 կրակոց արձակելով:
«Վերոնշեալ փաստը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ հակառակորդը կը շարունակէ իր ապակայունացնող ռազմավարութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին, եւ ցինիքաբար անտեսելով ժընեւեան համաձայնագրով ամրագրուած մարդասիրական դրոյթները՝ կրակ կը բանայ նաեւ առողջապահութեան համար նախատեսուած մեքենային վրայ, որ կը կրէ կարմիր խաչ տարբերանշանը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: