ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վերջերս լոյս տեսած է «Մոդուս Վիւենդի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի «Հայրենատիրութիւն. Հայոց Պահանջատիրութեան Իրաւական Հիմունքները Եւ Յարակից Հարցեր» յօդուածներու ժողովածոն, որ բաղկացած է նախաբանէ, երեք մասերէ, ամփոփումէ մը եւ հեղինակին յամառօտ կենսագրականէն՝ ընդամէնը 488 էջ:
Ժողովածոյին մէջ հեղինակը անդրադարձած է Հայկական հարցի տարբեր բաղադրիչներուն եւ տուած է անոնց մանրակրկիտ վերլուծութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն:
Աշխատութիւնը իւրօրինակ ուղեցոյց մըն է Հայկական հարցով զբաղող տարբեր մասնագէտներու (թրքագէտներ, արեւելագէտներ, դիւանագէտներ, միջազգայնագէտներ, պատմաբաններ, քաղաքագէտներ եւ այլք), ինչպէս նաեւ նոյն հարցով հետաքրքրուող լայն հասարակութեան համար: