
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2 Մայիսին Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եզրափակիչ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան ՀՅԴի ներկայացուցած ծրագիրին կարեւորութեան՝ Հայաստանի կացութեան բարելաւման իմաստով։
«Երեւանն ու երեւանցիները պէտք է փրկեն ամբողջ Հայաստանը», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
«Մեր գիւղի ժողովուրդը, մեր մարզերի ժողովուրդը, իրենց լայն, պապական տները, մաքուր օդը, զուլալ ջրերը, անտառները, իրենց փոքրիկ հայրենիքն ինչո՞ւ են թողնում, գալիս ու լցւում Երեւան, որովհետեւ իրենց մօտ ապրելու հնարաւորութիւն այլեւս չի մնացել», դիտել տուաւ ան։
Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ եթէ փափաք կայ գիւղացիներուն օժանդակելու, անոնց ապրուստի բարօր պայմաններ ստեղծելու, լեռնային շրջանները բնակելի վայրեր դարձնելու, սահմանային գօտիներուն մէջ երիտասարդ տարրեր տեսնելու, ուրեմն պէտք է Երեւանէն սկսիլ աշխատանքի եւ հոն վստահութեան քուէ տալ Դաշնակցութեան։ «Երեւա՛ն, դու պէտք է փրկես, դու մայրաքաղաքն ես: Այսօր երեւանցիները պէտք է փրկեն մարզերը: Երեւանում Դաշնակցութիւնը պէտք է ստանայ բոլորից շատ ձայն, որպէսզի կարողանայ յաղթանակ արձանագրել նաեւ մարզերում»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը իր կարգին դիտել տուաւ, որ միայն Դաշնակցութիւնն է, որ նոյնիսկ եթէ իշխանութեան տիրանայ, ընդդիմութիւնը ընդունելու ատակ է։ «Միայն ՀՅԴն է ասում, որ, գալով իշխանութեան, ընդդիմութեան մասին օրէնք է ընդունելու, որում յստակ ասուելու է՝ իշխանութեանը վերահսկող հիմնական լծակները տրամադրուելու են ընդդիմութեանը»:
Ան համոզում յայտնեց այն մասին, որ բոլոր պարագաներուն, եթէ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն դառնայ պիտի չարտօնէ, որ ո՛չ ոք շահագործէ իշխանութիւնը, իւրացնէ զայն, պիտի չընդունի, որ ազգային որեւէ հարցի պարագային զիջումներ կատարուին։ «Մենք ասում ենք՝ զարգանալ՝ չզիջելով: Յենուենք մեր ժողովրդի ռեսուրսի վրայ, մեր ժողովրդի ներուժի վրայ, դրա վրայ կառուցենք մեր ծրագրերը: Այլ ոչ թէ, ասենք, Թուրքիային զիջենք այս, Ատրպէյճանի զիջենք այն, որ կարողանանք շնչել, բացուել, ապրել: Այդպէս չէ: Դաշնակցութիւնն ասում է՝ ո՛չ: Եթէ դուք պատրաստ էք հրաժարուել ձեր համակարգից, որը ձեզ սնում, պահպանում է, եթէ դուք պատրաստ էք ձեզ հակակշռելու հնարաւորութիւնը տալ ձեր ընդդիմութեանը, որ ձեզ վերահսկի, որ դուք չիւրացնէք ձեր իշխանութիւնը, այս երկիրը թռիչք կարող է ապրել: Մեր գալով՝ որեւէ իշխանութեան, որեւէ պաշտօնեայի մտքով չի անցնի հայ-թուրքական յարաբերութիւններում զիջել մեր սերունդների շահերը, մեր պահանջատիրութիւնից հրաժարուել», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, ՀՅԴն իշխանութիւն դառնալով Ղարաբաղեան հարցի գծով ո՛չ մէկ զիջում ընելու պատրաստակամ է. «1991 թուականին հանրաքուէ է արել՝ ասելով, որ անկախութիւնից պակաս ուրիշ ոչինչ չի ընդունի: Ասել է, որ այս ազատագրուած տարածքներն իմն են ու իմն են մնալու այնքան ժամանակ, քանի դեռ հետ չենք բերել այն տարածքները, որ Ատրպէյճանն է մեզանից բռնազաւթել»:
Արմէն Ռուստամեան կոչ ուղղեց՝ չմոռնալու նաեւ Նախիջեւանի պարագան, քանի որ անիկա մեր հայրենիքի մէկ մասն է: Ան աւելցուց, որ հայկական իշխանաւորները պէտք է æաւախքի հայութեան կողքին ըլլան, որպէսզի սատարեն մեր ժողովուրդի պայքարին՝ իր իրաւունքները իր հողին վրայ, իր հայրենիքին մէջ պաշտպանելու համար՝ մինչեւ ինքնավար մարզի կայացումը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեա դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը չունեցաւ հաւասարազօր մրցակից՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութեան ծրագիրով կարելի է արդարութեան եւ բարօրութեան պետութիւն մը ունենալ: «Կառուցուած լինելով 4 յենասիւների վրայ՝ այդ ծրագիրը կ՛ապահովի արդար եւ բարեկեցիկ պետութեան կայացում»։
Ան դիտել տուաւ, որ ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան վերաբերող Դաշնակցութեան մօտեցումներուն եւ սկզբունքներուն գծով ո՛չ մէկ վիճարկելի բան գտնուեցաւ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդ է, ճիշդ եղած է եւ պիտի շարունակէ ճիշդ պայքարը։
«Երկրում յուսալի սոցիալ-տնտեսական համակարգի ձեւաւորումը նշանակում է՝ բոլոր սոցիալական շերտերի համար ստեղծել ապրելու եւ զարգանալու յուսալի պայմաններ: Ծրագրի կենտրոնում մարդու արժանապատուութիւնն ու Հայոց պետականութիւնն են, որոնք ՀՅԴի համար բարձրագոյն արժէքներ են: Սա նշանակում է, որ ծրագիրը վերաբերում է ընտանիքին, մանկանը, պատանուն, երիտասարդին, ուսանողին, մանկավարժին, փրոֆեսորա-դասախօսական անձնակազմին, պետական, զինուորական, ոստիկանութեան ու ազգային անվտանգութեան ծառայողին, մտաւորականին, գիտնականին, թոշակառուին, հաշմանդամին, առանց ծնողական խնամքի մնացած երեխային, բռնադատուածին, խաբուած աւանդատուին ու սեփականազրկուած մարդուն», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
Ան նշեց, որ ՀՅԴի համար ընկերային-տնտեսական հիմնական նպատակներ կը նկատուին չքաւորութեան վերացումը, միջին խաւի ձեւաւորումը, սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը, արդար եւ մրցակցային տնտեսական կարգերու հաստատումը, անաչառ դատական համակարգի ձեւաւորումը, արտագաղթի կասեցումը, բնակչութեան վստահութեան վերականգնումը՝ երկրի ապագայի ու հանրային իշխանութեան նկատմամբ: Իսկ նշուածները, իրենց հերթին, կը նշանակեն, որ եթէ Դաշնակցութիւնը յաղթէ, պետութիւնը կրաւորականութենէն դուրս գալով պիտի ըլլայ երկրի կայուն զարգացման պատասխանատուն եւ մասնակիցը:
Asbarez keeps the provocative articles until I submit something.
Then the entire article and all comments vanish. Rerouting?
Does this happen also with your submissions?