
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, Մայիս 4ին տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի հիմնադրութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որ առիթ մը պիտի ըլլայ տօնելու մանկամսուրին իրագործումները:
Վարժարանի գլխաւոր բարերարներուն՝ Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեաններու զաւակները՝ Վազգէն, Վաչէ եւ Վահէ, ստանձնած են ձեռնարկին հովանաւորութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով Ցեղասպանութենէն վերապրած իրենց ծնողքին սկսած առաքելութեան:
Մանկամսուրը կը մնայ Փասատինայի միակ հայկական մանկապատէզը, որուն գործունէութիւնը վաւերացուած է NAEYC-ի կողմէ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Իրանահայ միութեան սրահին մէջ: Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 398-8199 թիւին:
Մանկամսուրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.tavlianpreschool.org կայքը: