Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւմտեան թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը, իր 40րդ նստաշրջանին, հինգերորդ քառամեակի մը համար առաջնորդ վերընտրած էր Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու կատարած՝ Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը:
Ընտրութեանց արդիւնքը օրին փոխանցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ Ապրիլ 23 թուակիր նամակներով, վաւերացուց առաջնորդ սրբազանին վերընտրութիւնն ու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց աշխատանքներուն: