ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու 77 երկիրներէ երիտասարդ դիւանագէտներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսած է թրքական դիւանագիտութեան մասին: Ան դիւանագէտներուն խորհուրդ տուած է աւելի ուշադիր ըլլալ դիւանագիտութեան հոգեբանական եւ մտաւորական կողմերուն՝ նշելով, որ որեւէ խնդիր լուծելու համար, պէտք է կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի:
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան փիլիսոփայութիւնը հետեւեալն է. մենք թշնամի պետութիւններ չունինք եւ երկիրները կը բաժնենք հետեւեալ ձեւով՝ բարեկամ երկիրներ եւ հաւանական բարեկամ երկիրներ: Մենք որեւէ ազգ թշնամի չենք նկատեր», ըսած է ան՝ դիւնագիտականօրէն…: