ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Եահու».- Ուրբաթ, Մայիս 4ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, անգործութեան համեմատութիւնը 8.2էն 8.1 տոկոսի իջած է, սակայն տնտեսութիւնը կրցած է գոյացնել միայն 115,000 նոր աշխատատեղի, ինչ որ ակնկալուածէն նուազ էր: Համեմատութիւնը նուազած է գլխաւորաբար, որովետեւ աշխատանք փնտռողներուն թիւը պակսած է:
Պետական ծախսերու շարունակուող կրճատումներուն պատճառով, մօտաւորապէս 15,000 պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, մինչ սեփական մարզը Ապրիլ ամսուան ընթացքին ստեղծած է աշխատանքի 130,000 կարելիութիւններ: Մայիս 2010էն ի վեր, պետական պաշտօնեաներուն թիւը 1.03 միլիոնով նուազած է, մինչ սեփական մարզը, Փետրուար 2010էն ի վեր, ստեղծած է 4.25 միլիոն աշխատատեղի:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու առաջին դիմումներուն թիւը 27,000ով նուազած էր՝ իջնելով 365,000ի, ինչ որ մեծագոյն անկումն էր վերջին մէկ տարուան ընթացքին: