ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- 7 Մայիսին Ստեփանակերտէն ընթացք առաւ երիտասարդական քայլարշաւ մը՝ Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով։ Շուրջ 200 երիտասարդներ՝ Արցախի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն, զինուորներ, կամաւորականներ եւ վիրահայ երիտասարդներ քայլարշաւով Ստեփանակերտէն ուղղուեցան Շուշի:
Շարժումին մասնակիցները հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի, փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեանի եւ ԼՂ ինքնապաշտպանական ուժերու առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետեանի հետ:
Նարինէ Աղաբալեանի համաձայն, քայլարշաւին ընդմէջէն երիտասարդներուն համար յաղթանակը աւելի շօշափելի կը դառնայ, եւ անոնք կը հասկնան, թէ յաղթանակի ապահովման համար ի՛նչ ոգիի կարիք կար:
Արկադի Կարապետեան իր կարգին արշաւի մասնակիցներուն պատմած է «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան մասին ու վստահեցուցած, որ յաղթանակ կարելի եղած է ձեռք ձգել վեհ ոգիի ու կազմակերպուածութեան շնորհիւ:
Գայիանէ Գրիգորեանի համաձայն, երիտասարդները բաժնուած են երեք խումբերու եւ դէպի Շուշի պիտի քալեն երեք ուղղութիւններով (արեւելեան ուղղութիւն՝ Շօշ-Շուշի, կեդրոնական ուղղութիւն՝ Ստեփանակերտ-Շուշի մայրուղի եւ արեւմտեան ուղղութիւն՝ նախկին Կրկժան-Շուշի), որոնցմով 1992 թուականին ազատագրուած է բերդաքաղաքը:
Գրիգորեան նշած է, որ իւրաքանչիւր խումբ պիտի բարձրացնէ դրօշի մէկ գոյնի պաստառներ, որոնք պիտի միանան Շուշիի Վազգէն Սարգսեանի հրապարակին վրայ: Հոնկէ մասնակիցները պիտի ուղղուին դէպի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի, որմէ ետք՝ æդրդուզ կոչուող շրջան, ուր տօնական ճաշկերոյթ պիտի կազմակերպուի:
Գրիգորեան դիտել տուած է նաեւ, որ մասնակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար իւրաքանչիւր խումբի պիտի ընկերակցին փրկարար ծառայութեան եւ շտապ օգնութեան աշխատակիցները: