
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Երեւանի մէջ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի Թուրքիոյ բաժնի գիտաշխատող Լեւոն Յովսէփեանի «Թուրքիայի վախերը. Սեւրի սինտրոմը: Սեւրի սինտրոմի դրսեւորումները Թուրքիոյ հասարակական-քաղաքական քննարկումներում» («The Fears of Turkey: The Sռvres Syndrome. Manifestations of the «Sռvres Syndrome» in Turkey՛s Socio-Political Discourse») վերնագիրով գիրքը: Փաստերու հիման վրայ գիրքին մէջ փորձ կը կատարուի ներկայացնելու Սեւրի ախտանշաններու դրսեւորումները Թուրքիոյ հասարակական-քաղաքական, զինուորական ու գիտական ժամանակակից քննարկումներուն ընթացքին: Այդ պարունակէն մեկնած կը քննարկուի նաեւ Թուրքիոյ հասարակական, քաղաքական միջավայրին մէջ առկայ հոգեբանական կարծրատիպերուն, ֆոպիաներուն առնչուող հարցեր եւ որոշ տեսական մօտեցումներ: