Զորեքշաբթի, Մայիս 9ի յետմիջօրէին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Նոր æուղայի բարեկամներ» յանձնախումբի վարչութեան, որ եկած էր սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Յանձնախումբը կը գործէ առաջնորդարանի հովանիին տակ։
Ողջունելով հիւր վարչականները՝ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան ու արտայայտուած բարեմաղթութեանց համար։
Հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ առաջնորդին հաղորդեցին այս միաւորի ծրագիրներուն մասին։ Սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց յանձնախումբին նուիրեալ աշխատանքը, որ նախկին նորջուղայեցիները համախմբելու կողքին, տարբեր ձեռնարկներով ու նախաձեռնութիւններով կը կիրարկէ ազգային աւանդութեանց հաւատարմութիւնը։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն։
ՆԱԵՒ՝ CASPS-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Աւելի ուշ, առաջնորդը ընդունեց CASPS-ի (Հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներու յատուկ յանձնախումբ) ներկայացուցիչները՝ ընկերակցութեամբ յանձնախումբին մօտ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի։ Յանձնախումբը նմանապէս եկած էր առաջնորդը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով, որուն համար սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկայացուցիչներուն։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակելու CASPS-ի գործունէութեան ու անմիջական ծրագիրներուն մասին։ Անմիջական ծրագիրներուն շարքին է հանրային վարժարաններ յաճախող ու լաւ արդիւնքներ արձանագրող երկրորդականի աւարտական աշկերտներու գնահատանքի ձեռնարկը։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց CASPS-ի անդամներուն նուիրումն ու անսակարկ աշխատանքը, որ բարիք է հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներուն։