
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական զարգացման նախարար Օրիթ Նոքետիի հրաւէրով Իսրայէլ կը գտնուի Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ 16 Մայիսին ստորագրուած է Հայաստանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն միջեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը։
Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական զարգացման նախարարը՝ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին ի պատիւ, ընդունելութիւն կազմակերպած է։ Ան նաեւ Սերգօ Կարապետեանին ընկերակցած է գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական զարգացման նախարարութեան գիտահետազօտական հիմնարկներ տրուած այցելութեան ընթացքին:
17 Մայիսին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Իսրայէլի անասնապահական, ձկնաբուծական, ջերմոցային տնտեսական կառոյցներ, պտղաբուծական ու խաղողագործական ձեռնարկութիւններ:
18 Մայիսին Սերգօ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Թէլ Աւիւի մէջ կայանալիք «Ակրիթեք» 18րդ միջազգային գիւղատնտեսական ցուցահանդէսին: Այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը։
18 Մայիսին նախարար Կարապետեան հանդիպում պիտի ունենայ Իսրայէլի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։