ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Շանթ» Ուսանողական միութիւնը Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտէ Երեւանի մէջ վերջերս ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դրդումով կատարուած յանցագործ արարքը:
Յայտարարութեան մէջ «Շանթ» Ուսանողականը անհանգստութիւն կը յայտնէ Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէկուն հրկիզման առթիւ եւ խստօրէն կը դատապարտէ այդ արարքը, որուն կատարողները մղուած էին անհանդուրժողութեան եւ համասեռամոլութեան հանդէպ ատելավառ զգացումներէ:
Նկատելով, որ որոշ անհատներ եւ խմբակցութիւններ, ձերբակալուած ամբաստանեալներուն ենթադրական կուսակցական առնչութիւնները վկայակոչելով՝ փութացած էին մեղադրանքներ ուղղելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, «Շանթ» ի յայտարարութիւնը կը շեշտէր, որ այս յանցագործութիւնը եւ անոր տուն տուող մտայնութիւնը խոտոր կը համեմատին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագրային սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն, որոնք միայն ու միայն կը ջատագովեն անհատի ազատութիւնները եւ կը դատապարտեն ու կը մերժեն ամէն տեսակի խտրականութիւն, չարաշահում, ցեղապաշտական կամ անհանդուրժողական ամէն տեսակի վերաբերում:
Ինձ համար անհասկանալի է այս հայտարարութիւնն,ինչու ԱՄՆ-ի «Շանթ» Ուսանողական միութիւնը պետք է հայտարարութիւն տա?ինչու այլ հարցերի կապակցութեամբ որևէ հայտարարութիւն չի արել.ասենք ՀՀԿ-ի հանրահավաքին որ 150 երիտասարդներ վիրավորվեցին,1 հոգի կուրացավ,կամ ՀՀ ընտրութիւնների մասին որով ամբողջ երկրի հարցն էր,կամ թշնամու նենգ կրակոցների մասին որին զոհ են դարձել տասնեակ ՀՀ-ի քաղաքացիներ.խնդրեմ պասխանեք.