Վերջերս Միջազգային աստղագիտական միութեան (ՄԱՄ, Ինթըրնեշընըլ Ասթրոնոմիքըլ Եունիըն IAU) գործադիր կոմիտէն Փարիզի մէջ կայացուցած իր նիստին ընթացքին քննարկեց եւ ներկայացուած բազմաթիւ դիմումներէն ընտրեց յառաջիկայ տարի կայանալիք ՄԱՄի պաշտօնական գիտաժողովներուն ցանկը (9 հատ)։ Ցանկին մէջ է հայ անուանի աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի 100ամեակին նուիրուած «Աշխուժ համաստեղութեան միջուկներու բազմալիքային շրջահայութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ» նիւթով գիտաժողովը, որ 7-11 Հոկտեմբեր 2013ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ ՄԱՄի 2013ի միւս գիտաժողովները կը կայանան Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի (2), Հոլանտայի, Լեհաստանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ։ Այս տարի երկու գիտաժողով արդէն կայացած է, իսկ 8 ուրիշներ եւս տեղի պիտի ունենան։
Շրջահայութիւնները աստղագիտութեան մէջ երկնքի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ են, որոնց միջոցով կը բացայայտուին տիեզերական նոր եւ հետաքրքրական երեւոյթներ ու առարկաներ: Մարգարեան աննախադէպ քայլով մը բազմաշերտ լոյսերու ուսումնասիրութեամբ յայտնաբերեց գերմանիշակագոյն խաւերով 1500 համաստեղութիւններ, որոնք հետագային բազմալիքային ուսումնասիրութիւններու առարկայ դարձան աշխարհի բազմաթիւ աստղադիտարաններու եւ տիեզերական աստղադիտակներու կողմէ: Այդ աշխատանքը օրին կատարուեցաւ համաստեղութեան միջուկներու աշխուժութեան վերաբերող Վ. Ա. Համբարձումեանի կողմէ առաջադրուած գաղափարի դիտողական ապացուցման նպատակով եւ աստղագիտութեան պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ ամէնէն արդիւնաւէտ դիտողական ծրագիրներէն մէկը: Յիշեցնենք նաեւ, որ 2011ին ԵՈՒՆԵՍՔՕն Մարգարեանի շրջահայութիւնը ընդգրկեց իր «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային տոմարին մէջ:
Նշենք, որ ՄԱՄ գիտաժողովները աստղագիտական աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր ձեռնարկներն են, որոնց ընթացքին կը քննարկուին կարեւորագոյն աստղագիտական խնդիրները, եւ որոնց որպէս կանոն կը մասնակցին ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները: Հայաստանի մէջ կայանալիք գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նշանաւոր աստղագէտներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երիտասարդ աստղագէտներ, ընդհանուր թիւով՝ 200 հոգի:
Հայաստանի մէջ նման գիտաժողովներ կայացած են 1966, 1986, 1989 եւ 1998 թուականներուն։