ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա «անընդունելի» որակած է Մայիս 12-13ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի մը ընթացքին ուղղակիօaրէն Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ռուս քաղաքացիներուն ապահովութեան սպառնացող յայտարարութիւնը՝ ազդարարելով, որ նման արարքներ վնաս պիտի հասցնեն Ռուսիա-Թուրքիա կապերուն:
Ուրբաթ, Մայիս 18ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, թէ Կովկասի նուիրուած միջազգային գիտաժողովին ընթացքին, Ռուսիոյ եւ անոր ղեկավարութեան հասցէին անթոյլատրելի արտայայտութիւններ կատարուած են:
«Նկատի ունենալով, որ հաւաքը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու արտօնութեամբ, կը ցաւինք, որ անոր ընթացքին վաւերացուած է յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կ՛ըլլայ «Ռուսիոյ եւ անոր մեղսակիցներուն՝ դէմ պայքարելու», կամ կ՛ողջունուին «կովկասեան լեռներուն մէջ «սուրբ առաքելութիւնը» շարունակող (չեչեն անջատողականներու ղեկավար) Տողու Ումարովի գլխաւորութեամբ բոլոր զինեալները», աւելցուցած է ան՝ յոյս յայտնելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի հակադարձեն: