ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սթար» թերթի աշխատակից Նեշէ Սարըտողանի ստորագրութեամբ հրատարակուած լրատուութեան մը համաձայն, 80ամեայ Ֆաթմա Եավուզ նամակ մը ղրկած է Տերսիմի յանձնախումբին եւ պահանջած է որ գրաւոր կերպով ներողութիւն խնդրուի իրմէ, քանի որ ինք հայկական ծագում ունենալով հանդերձ Տերսիմի պատահարներէն վերջ փոքրիկ տարիքէն խլուած էր ընտանիքէն ու անկէ ետք ստրուկի վերաբերում տեսած էր ամբողջ կեանքի մը ընթացքին։
«Ֆաթմա Եավուզ Տերսիմի սպանդէն ետք իր ընտանիքէն խլուելով յանձնուած է Գոնիայի Պէյշեհիր գաւառակի մէջ սպայի մը։ Հոն արդէն բաւական տանջանքի ենթարկուած էր, երբ սպան ուրիշ քաղաքի մէջ պաշտօնի նշանակուեցաւ ու գնաց, այնուհետեւ Ֆաթմա Եավուզը տրուեցաւ ուրիշ պաշտօնեայի մը։ Յաճախ կը ծեծէին զինք, իր ստացած հարուածներուն հետեւանքով մատները կոտրուեցան, բայց ոչ մէկը զինքը բժիշկի մը տարաւ։ Աւելի վերջ տրուեցաւ ուրիշ ընտանիքի մը։ 13 տարեկանին զինք ամուսնացուցին 35 տարեկան մէկու մը հետ։ Անօթի-ծարաւ կեանք մը կ՛ապրէր», կը գրէ «Մարմարա»՝ թարգմանելով «Սթար» թերթին տուած տեղեկութիւնները ։
1955 թուականին երբ պաշտօնական դիմում մը կատարեց, որպէսզի օգտուի իր աղջկան ապահովագրութենէն, պարզուեցաւ որ 57 տարիէ ի վեր գաղտնի պահուած է այն իրականութիւնը, թէ Ֆաթմա Եավուզ հայ է։ «Ան 78 տարեկանին է որ իմացաւ թէ ինչ էր իր իրական անունը։ Եավուզ, որ այսպէս տանջալից կեանք մը ապրած էր, յուսադրուեցաւ երբ իմացաւ Տերսիմի մասին վարչապետ Էրտողանին խօսքերը։ Հիմա ան կը պահանջէ որ իրմէ գրաւոր ներողութիւն խնդրուի, իրեն վերադարձուին իր ընտանիքին հողամասերը եւ գտնուին իր միւս ազգականները», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»։