
Ուրբաթ, Յունիս 1ին, «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս հաստատուած արուեստագէտ ու ճարտարագէտ Գօգոյի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացումը, երեկոյեան ժամը 6էն 10ի միջեւ:
«Շուքի մէջ» խորագրուած ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին իւղաներկ գործեր եւ քանդակներ, բաց պիտի մնայ մինչեւ Օգոստոս 25: Արուեստագէտը ներկայ պիտի ըլլայ ցուցահանդէսի առաջին երկու օրերուն:
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd. La Canada Flintridge, իսկ ցուցադրասրահը բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:30:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.stephaniesartgallery.com կամ www.atelierkoko.com կայքէջերը: