
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական ընդդիմութեան «Հանրային պալատ» միաւորման քանի մը հարիւր գործիչներ, Երկուշաբթի, Մայիս 21ին Պաքուի կեդրոնը բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ պահանջելով վերջ տալ զեղծարարութեանց եւ նախագահին հրաժարումը: Ոստիկանութիւնը մահակներով յարձակած է ցոյցի մասնակիցներուն վրայ՝ ձերբակալելով Ժողովրդական ճակատ եւ այլ կուսակցութիւններու ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու տասնեակներով գործիչներ: Նման ցոյցեր նեղ կացութեան կը մատնեն Պաքուի իշխանութիւնները, որովհետեւ արդէն իսկ Պաքու կը գտնուին բազմաթիւ օտար լրագրողներ՝ «Եւրոտեսիլ»ին հետեւելու համար: