
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր Մետիա».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ ելեկտրականութեան մատակարարում ապահովելու նպատակով կառուցուած է 3 ելեկտրակայան՝ «Սիւնիք 1», «Սիւնիք 2» եւ «Սիւնիք 3»: Ծրագիրը կ՛իրականանայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներդրողներուն միջոցներով:
«Շատ մեծ ներդրում է էներկետիկայի համար: Առաջնեկն է Քաշաթաղում, որը հնարաւորութիւն է տալու մեծ քանակութեամբ էներկիա օգտագործի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն իր տնտեսութիւնների համար: Այսինքն, ինքը շուտով կարող է սպառողից դառնայ վաճառող», ըսած է «Հայ æրնախագիծ» ընկերութեան տնօրէն Եուրի æաւադեանը:
Այսպիսով ոստում մը տեղի պիտի ունենայ տարեվերջին, երբ օգտագործման պիտի յանձնուի «Սիւնիք-3» ելեկտրակայանը: Աղաւնիի գետին վրայ կառուցուող կայանը «Սիւնիք 1»ին եւ «Սիւնիք 2»ին հետ պիտի ապահովէ ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի ելեկտրականութիւնը, այլ մատակարարումներ կրնայ ընել նաեւ այլ շրջաններու։
Ծրագիրի համակարգող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւնները, որովհետեւ անոնց շնորհիւ մարդիկ կարելիութիւն կ՛ունենան իրենց երկրին մէջ մնալու եւ աշխատելու։ «Սոցիալական խնդիր լուծելուց զատ, սա շատ աւելի մեծ նպատակ է հետապնդում՝ քաղաքական կեցուածքի հաստատում», դիտել տուած է Դաւիթ Լոքեան:
«Հզօրացնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ ինչքան հզօրանայ ԼՂՀն, ունենայ անկախութիւն տարբեր բնագաւառներում, օրինակ՝ ուժանիւթի, էներկիայի, ուրեմն արդէն իր անկախութիւնն այնքան կ՛ամրապնդի», նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանն եւս խօսած է ծրագիրի կարեւորութեան մասին. «Նման ծրագիրը մի քանի նշանակութիւն ունի: Նախ քաղաքական, որովհետեւ այն կառուցուել է Քաշաթաղի շրջանում, երկրորդը՝ Քաշաթաղի շրջանի զարգացման համար աշխատատեղեր, տնտեսութեան զարգացում եւ այլն: Եւ երրորդ՝ մեր երկրի էներկետիկ անկախութեան առումով իր նշանակութիւնն է ունենալու: Այս ձորակում պոտենցեալը (կարողականութիւն) շատ մեծ է հիտրոէներկետիկայի առումով եւ այդ ամբողջ պոտենցեալը պէտք է օգտագործենք», ըսած է ան։
«Սիւնիք 2»ի բացման օրը խորհրդանշական էր. արդարեւ նոյն օրը նշուեցաւ նաեւ Բերձորի ազատագրութեան 20ամեակը: Երկու առիթներու համընկնումը զուգադիպութիւն չէր, այլ ծրագրաւորուած էր: Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը ու այլ պաշտօնատարներ: Հակառակ անոր որ կայանի պաշտօնական բացումը նոր տեղի կ՛ունենայ, բայց եւ այնպէս անիկա կը գործէր նախորդ տարուան Նոյեմբերէն: Երեք կայանները միասնաբար պիտի կարենան ապահովել 8.5-9 մէկաուաթ հզօրութիւն: Այս ծրագիրի յաջողութեան սատարած են Հայաստանն ու Սփիւռքը։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան դիտել տուած է, որ վերջին երկու կայանները իրականութիւն դարձած են ամբողջովին արտասահմանեան նիւթական ներդրումներով, որոնք կատարուած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայ գործարարներու կողմէ։
Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի համաձայն, բնական է, որ ներդրումներ կատարուին հայրենի հողին վրայ։ Ան կոչ ուղղած է նաեւ այլ հիմնադրամներու՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Ղարաբաղի բոլոր շրջաններու բարգաւաճման։
Արցախի հզօրացման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նման ծրագիրներու իրականացումը մնայուն պիտի ըլլան։ Նոր կայաններ պիտի կառուցուին, եւ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման նպատակով տարբեր քայլերու պիտի ձեռնարկուի։
Բերձորի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ նոր թաղամասի հիմնարկէքի արարողութիւն:
Դաշնակցութեան «Արցախ ֆոնտ»ի նախաձեռնութեամբ այս թաղամասին մէջ պիտի կառուցուի 50 տուն, մանկապարտէզ, դպրոց եւ անհրաժեշտ այլ ենթակառոյցներ՝ այն մասնագէտներուն համար, որոնք պիտի հաստատուին այս շրջանին մէջ։
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնը, ժողովուրդը եւ հայրենիքից ու սփիւռքից ներդրողներ եւ մեր կազմակերպութիւնը փորձում են ապահովել այս տարածքների պահպանումը, զարգացումը», հաստատած է Կիրօ Մանոյեան: