
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մայիս 24ին, մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով, Եւրոպական միութեան խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին, ուժգին ձեւով դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբոջական պակասը՝ յստակ կոչ ուղղելով Եւրոմիութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայմանօրէն այս հարցերը բարձրացնէ, երբ գտնուի Պաքու կամ երբ բանակցի ուժանիւթային հարցերու շուրջ:
«Այս պահուն, որ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու ու խօսքի ազատութեան մասին, Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային հանրութիւնը չի խափուիր շռայլութեամբ եւ քարոզչութեամբ, առաւել եւս՝ փայլեցուած յայտարարութիւններով», ըսաւ Ազատական խմբակցութենէն երեսփոխան՝ հոլանտացի Մարիչէ Սխաաքէ, եւ կոչ ուղղեց Պաքուի՝ ստանձնելու իր պարտաւորութիւնները:
Պելճիքացի Վերոնիք տը Քէյզըր՝ Եւրոխորհրդարանի Յառաջդիմականներու եւ ընկերվարականներու դաշնակցութիւն խմբակցութենէն, ըսաւ. «Ատրպէյճանի բնական կազը, ուժանիւթն ու դրամը սեւցուցած են երկրին մարդկային իրաւանց երեսը», եւ շարունակեց, թէ Եւրոխորհրդարանը զոհ գացած է քաղաքական հաշիւներու, երբ չէ քննարկած այս հարցերը ամիս մը առաջ, երբ կը քուէարկուէր Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութեան համաձայնագիրը:
Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Ռեփօ հարց տուաւ, որ ինչպէ՞ս կարելի է Ատրպէյճանը ոչ մշտական անդամ դառնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, երբ ինքն իր երկրին մէջ ամենակոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:
Հոլանտացի ազատական Կերպրեն Եան Կերպրանտի, իր կարգին ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ինքնավստահ գոռոզութիւնը կու գայ միայն ուժանիւթային հարցերուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու Եւրոմիութեան կեցուածքէն: Ան ցաւով նշեց, որ Եւրոմիութեան յանձնաժողովի ընդլայնման յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ ու Եւրոմիութեան յանձնաժողովի նախագահ Էմանուէլ Պարոսօ ո՛չ մէկ բառ ըսին մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին, երբ կը գտնուէին Պաքու:
Աջէն ձախ, բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները մատնանշեցին Ատրպէյճանի մէջ տիրող մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան կաշկանդումը, անօրէն կալանաւորումները, հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքը, բանտարկումները, սպառնալիքներն ու մամլոյ ինքնագրաքննութիւնը:
«Պիտի շարունակենք հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան, նամանաւանդ «Եւրոտեսիլ»ի աւարտէն ետք», ըսաւ Յառաջդիմականներու եւ ընկերավարականներու դաշնակցութեան խմբակցութենէն ֆինլանտացի Լիսա Եաքոնսարի:
«Ատրպէյճան իր պետական բարձրագոյն մակարդակներով եւ ամէն հնարաւոր առիթի կը դատապարտէ եւ կը զրպարտէ Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը՝ մեզ կոչելով խառնակիչներ եւ ցեխարձակողներ, որոնք կը սեւցնեն Ատրպէյճանի պատկերը», իր կարգին յայտնեց Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ շարունակեց. «Երբ Եւրոխորհրդարանը իր բացառիկ օրակարգին մէջ ներառեց այս հարցը եւ որդեգրեց նման բանաձեւ մը, ցոյց տուաւ, թէ Ատրպէյճան չի կրնար այլեւս պահուըտիլ իր ուժանիւթին ետին»:
«Կը պահանջենք Եւրոմիութենէն, որ շարունակէ հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն, հետեւողական ըլլայ իր արժէքներուն, որոնք աւելի կարեւոր են քան կազն ու քարիւղը, իսկ տարածաշրջանին վերաբերող բանաձեւեր որդեգրելու պարագային՝ ուժանիւթին գերին չդառնայ՝ ջանալով պահել հաւասարակշռութիւններ, նոյն նժառին վրայ դնելով Հայաստանն ու Արցախը», եզրափակեց Կարապետեան: