
Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, Յունիս 5ին, տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ նահանգային ընտրութիւնները: Հայ Դատի յանձնախումբը, քննարկելով իւրաքանչիւր թեկնածուի կեցուածքները, յայտարարութիւնները

ու անցեալի գործունէութիւնը՝ որոշած է իր զօրակցութիւնը յայտնել նահանգային թէ դաշնակցային պաշտօններու համար պայքարող խումբ մը թեկնածուներու:
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ հայ քուէարկողներուն՝ թեր քուէարկելու իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն:
«Ասպարէզ» կը միանայ այս կոչին:
Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը կը վայելեն հետեւեալ թեկնածուները.
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի՝
Տայան Ֆայնշթայն (դեմոկրատ, ամբողջ նահանգի տարածքով)

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան՝
Ճօ Պաքա (դեմոկրատ, 35րդ տեղամաս, Օնթարիօ, Սան Պերնարտինօ)

Լինտա Սանչեզ (դեմոկրատ, 38րդ տեղամաս, Մոնթեպելլօ, Փիքօ Ռիվերա, Նորուոք, Լէյքուուտ)
Կրէյս Նափոլիթանօ (դեմոկրատ, 32րդ տեղամաս, Սան Կապրիէլ Վալի, Ուեսթ Քովինա, Էլ Մոնթէ)
Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատ, 28րդ տեղամաս, Հոլիվուտ, Պըրպենք, Կլենտէյլ, Փասատինա, Սան Կապրիէլ Վալի, հարաւային Փասատինա)
Ճուտի Չու (դեմոկրատ, 27րդ տեղամաս, Փասատինա, Արեւելեան Փասատինա, Մոնրովիա, Արքետիա, Մոնթըրէյ Փարք)
Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհուրդի՝

Թամ Քալտերոն (դեմոկրատ, 58րդ տեղամաս, Մոնթեպելլօ, Փիքօ Ռիվերա, Տաունի)
Ատրին Նազարեան (դեմոկրատ, 46րդ տեղամաս, Վեն Նայս, Շըրմըն Օքս, Սթիւտիօ Սիթի, Հոլիվուտ Հիլզ, Վալի Կլեն)
Կրեկ Գրիգորեան (հանրապետական, 43րդ տեղամաս, Պըրպենք, Արեւելեան Հոլիվուտ, Կլենտէյլ, Լա Քրեսենթա, Լոս Ֆելիզ, Մոնթրոզ, Սիլվըր Լէյք)
Քրիս Հոլտըն (դեմոկրատ, 41րդ տեղամաս, Փասատինա, Մոնրովիա)
Խաչօ Աշատճեան (հանրապետական, 35րդ տեղամաս, Սան Լուիզ Օպիսփօ, Սանթա Մարիա)
Լոս Անճելըսի Գերագոյն Ատեանի դատաւորի՝
Պերճ Բարսեղեան (նահանգի ամբողջ տարածքով)

Նեվատա նահանգէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան՝
Տենի Թարխանեան (հանրապետական, 4րդ տեղամաս, Լաս Վեկասի հիւսիսային շրջան)
Քուէարկենք ի նպաստ այս թեկնածուներուն: