ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Յունիս 1ին, Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող ցարդ անծանօթ խմբակ մը յայտարարեց, թէ իր զինեալները Մայիս 22ին, Հալէպի մէջ առեւանգեցին 11 շիի լիբանանցիներ՝ պահանջելով լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութենէն, որ ներողութիւն խնդրէ Սուրիոյ իշխանութեանց նեցուկ կանգնելու իր կեցուածքին համար, որմէ ետք միայն կը քննուի առեւանգեալները ազատ արձակելու հարցը:
Ուրբաթ օր, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ նախագահին փոխանցեց Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին առեւանգեալներուն հարցով ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ թուրք պաշտօնատարներուն հետ իր խորհրդակցութեանց արդիւնքները: Միքաթի աւելի ուշ հանդիպում մը ուեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի հետ:
Նաեւ, նախագահ Սլէյման Յունիս 1ին անակնկալ այցելութեամբ մը Ռիատ մեկնեցաւ՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին հետ:
Միւս կողմէ՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը 3ի դէմ 41 քուէներով վաւերացուց բանաձեւ մը, որ սուրիական Հուլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 108 քաղաքայիններու սպանութեանց պատասխանատու կը համարէ Սուրիոյ իշխանութիւնները, մինչ Դամասկոս մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ 800 հոգինոց զինեալ ապստամբներու խումբ մը իրագործած էր այդ սպանդը:
Ռուսիոյ, Քուպայի եւ Չինաստանի ներկայացուցիչները դէմ քուէարկեցին բանաձեւին:
ՄԱԿը նաեւ մտավախութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կրնայ յառաջանալ «համապարփակ տագնապ» մը, որ շրջանին «մեծ վտանգ» կը սպառնայ:
Նաեւ, Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային համատեղ հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ՝ քննելով Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները: Անոնք Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ եւ արագ իշխանափոխութեան կարեւորութիւնը շեշտած են:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը առայժմ բացառուած է՝ ռուսական եւ չինական ընդդիմութեան պատճառով:
Հէյկ Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցած է արտասահմանի սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ: