ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածէ այն թուրքերուն մասին, որոնք Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջեն քրիստոնէական Այա Սոֆիա եկեղեցին դարձեալ իսլամներու աղօթատեղի դարձնել՝ խուսափողական պատասխան մը տուած է եւ ըսած. «Աստուած ընդունի անոնց աղօթքը։ Մարդիկ ամէն տեղ կրնան աղօթել»։
Նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, որ երկրին մէջ գտնուող բոլոր մշակութային հարստութիւնները արժէքաւոր են եւ Թուրքիոյ հարստութիւնը կը կազմեն։
Յայտնենք, թէ քանի մը օր առաջ խումբ մը թուրքեր ներկայիս իբրեւ թանգարան գործածուող նշեալ եկեղեցիին առջեւ առաւօտեան նամազ կազմակերպած էին՝ թուրք հրոսակախումբերու կողմէ Պոլսոյ գրաւման 559րդ տարեդարձին առթիւ, եւ լրագրողներուն յայտարարած էին, որ եկեղեցին պէտք է վերածուի մզկիթի:
Թուրքերը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ վերածած են մզկիթներու: