
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոստի Արմէնիա».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արհեստակցական միութիւններու ֆետերասիոնը 19 Յուլիսին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութեան։
Նախօրէին Ստեփանակերտի մէջ կայացած Արհեստակցական միութիւններու նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ այս որոշումը տրուած է։
ԼՂՀ արհեստակցական միութիւններու ֆետերասիոնի նախագահ Արա Ղահրամանեան դիտել տուած է, որ նախագահը յաճախ հանդիպումներ կ՛ունենայ իրենց հետ եւ աշխուժ կապեր կան իրենց միջեւ։
«Հանդիպումներն արդիւնաւէտ էին, եւ այդ հանդիպումներին քննարկուած հարցերի մեծ մասն իր լուծումն է գտել», նշած է Ղահրամանեան:
Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու մասին յայտարարած էին ղարաբաղեան «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը եւ Արցախի դեմոկրատական կուսակցութիւնը, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ղարաբաղի կոմունիստական կուսակցութիւնը:
Նախագահական ընտրութեան թեկնածուներն են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեանը, Հայաստանի պետական ագրարային համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի փոխ-տնօրէն Արկադի Սողոմոնեանը եւ ԼՂՀ ԱԺ ընդհանուր բաժնի նախկին պետ Վալերի Խաչատրեանը:
Թեկնածուներու արձանագրութիւնները նախատեսուած էին 30 Մայիսէն 19 Յունիս, որմէ ետք պիտի սկսի նախընտրական քարոզարշաւը։