ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ճափոնական դրամագլուխով Շանկհայի եւ Մալազիոյ մէջ գործող «Կոյօ» ընկերութիւնը ծրագրած է Հայաստանի մէջ 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել՝ Սպիտակի մէջ վերելակներու գործարան հիմնելու նպատակով:
Ստեղծուելիք «Կոյօ Արմէնիա» գործարանի ներդրումային դրամագլուխի 70 տոկոսը պիտի պատկանի «Կոյօ» ընկերութեան, 30 տոկոսը՝ ԵՊՀ շրջանաւարտներու միութեան «Նիւ Թեքըն» ձեռնարկութեան:
Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի ներկայացուցիչները Շանկհայի մէջ պիտի ներկայացնեն իրենց կազմած նախահաշիւները՝ նախնական գործարկման շուրջ: Գործարանը կը նախատեսուի գործարկել յաջորդ տարի:
Չինական արտադրութեան իւրաքանչիւր վերելակ Երեւանի բնակելի շէնքերուն համար այսօր կ՛արժէ շուրջ 14 միլիոն դրամ: Նոր ստեղծուելիք գործարանը վերելակները պիտի արտադրէ 25-30 տոկոսով աւելի նուազ արժէքով:
Երեւանի մէջ կան շուրջ 4500 վերելակներ, որոոնցմէ մի քանի տասնեակը չափազանց հին է: