
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնՓրէս».- «Պրիճ Արցախ-2012» (BRIDGE ARTSAKH-2012) 4րդ տնտեսական համաժողովը պիտի կայանայ Յունիս 22-25 Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ: «Կամուր»ջ միջազգային տնտեսական համաժողովի կազմի կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած՝ համաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի պիտի ունենան յատուկ քննարկումներ, բացօթեայ եւ այլ նիստեր: Այնտեղ հանդիպումներ պիտի ունենան գործարարներ, պետական մարմիններու եւ նախարարութիւններու ղեկավարներ Հայաստանէն եւ Արցախէն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ: Համաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ «Տնտեսական զարգացումը ժամանակակից փոփոխուող աշխարհում»:
«Պրիճ Արցախ-2012» տնտեսական համաժողովը այլ յուսալի կամուրջ մըն է, որ կը միացնէ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին հետ: Համաժողովի շնորհիւ զանացան երկիրներէ գործարարներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական ներուժին եւ ներդրումային հնարուորութիւններուն հետ: Ինչպէս նաեւ համաժողովի շնորհիւ Արցախի տնտեսութեան մէջ ներդրումները թոյլ կու տան ստեղծելու հարիւրաւոր նոր աշխատատեղեր:
Համաժողովը պիտի կայանայ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հովանաւորութեան ներքոյ: Համաժողովի կազ-մակերպիչներն են՝ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը եւ «Մաստեր» Միջազգային «ինտէգրման» աջակցութեան կեդրոնը: Համաժողովի պաշտօնական գործընկերն է Արցախի ներդրումային հիմնադրամը: