
ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան փորձագէտներու խումբ մը:
Հանդիպման մասնակցած են Համաշխարհային դրամատան Ափրիկէի նիւթական եւ սեփական հատուածի զարգացման հարցերով տնտեսագէտ Սմիթա Քուրիաքոսը, Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի նիւթական եւ սեփական հատուածի հարցերով պատասխանատու Քրիսթինա Տիփմընը եւ Միացեալ Նահանգներու Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքի փրոֆեսէօր Նիքոլաս Ուոնըրթասը:
Անոնց նպատակն է հետազօտել Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրութեան զարգացման, մասնաւորապէս այդ ոլորտին մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան եւ դերակատարութեան պայմաններն ու կացութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Յակոբեան ներկայացուցած է այս բանագաւառին մէջ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներն ու տարուող աշխատանքները, որոնց կարգին՝ մասնագիտական համաժողովներու կազմակերպումը, համահայկական առեւտրային պալատներու ցանցի ստեղծումը: Նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ գործող 4500 միջին առեւտուրներուն մէջ Սփիւռքը ունի 80 տոկոսի ներգրաւուածութիւն:
Նախարար Հ. Յակոբեան դիտել տուած, որ եթէ ճիշդ քարոզչութիւն կատարուի, այն ատեն սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը մեծապէս կ՛աւելնայ ձեռնարկատիրական աշխատանքներուն մէջ։ Ան կարեւոր նկատած է միջազգային կառոյցներու աջակցութիւնը Սփիւռքի կարիքներու արժեւորման եւ պետութեան կողմէ այդ կարիքները բաւարարող ծրագիրներու մշակման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կողմէ տարբեր ոլորտներուն մէջ Հայաստանի մէջ իրականացուող գործարարութեան մասին տեղեկատուութեան տարածման իմաստով։