Թուրքիոյ մէջ ժամանակակից թրքերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է հայ քանի մը հեղինակներու ստեղծագործութիւններու ժողովածոն: Ըստ թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթին՝ թարգմանուած հեղինակներուն մէջ են պոլսահայ գրողներ Գրիգոր Զօհրապ, Ռուբէն Զարդարեան, Զապէլ Եսայեան:
«Թրքական գրականութեան մէջ տարբեր ցեղախումբերու ներկայացուցիչ գրողներու անունները չեն յիշատակուիր: Սակայն այս հողերուն վրայ մեզի հետ միասին ապրած տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու եւ կրօններու ներկայացուցիչ բազմաթիւ արուեստագէտներ ձգած են կարեւոր ստեղծագործութիւններ: Այդ հեղինակներուն մէջ մեծ արժէք ունին նաեւ հայ գրողներն ու բանաստեղծները», կը գրէ թերթը:
Վերոնշեալ ստեղծագործութիւնները Սարգիս Սրենցի կողմէ թարգմանուած են օսմաներէնի, իսկ օսմաներէնէ՝ ժամանակակից թրքերէնի: Գիրքին մէջ առկայ են թէ՛ օսմաներէն, թէ՛ ժամանակակից թրքերէն տարբերակները: 376 էջնոց ժողովածոն արդէն դրուած է վաճառքի: