
Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ Յունիս 28ին բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիի Յունաստան կատարած այցելութեան դէմ: 50է աւելի ուսանողներ նաեւ փորձած են քաղաքին մէջ գտնուող թրքական հիւպատոսարանէն ներս խուժել, իսկ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր նիւթեր գործածած է անոնց դէմ: