
ՆԻԿՈՍԻԱ.- Մայիս 21-24, Կիպրոսի պետական համալսարանի Բիւզանդական եւ արդի յունարէն ուսուցմունքի բաժանմունքի եւ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական հաստատութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած Արեւելեան Միջերկրականի վտանգուած լեզուներու դիմագրաւած լեզուական, մշակութային եւ ընկերալեզուաբանական մարտահրաւէրներուն:
Աւելի քան 18 մասնագէտներ Սպանիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Պելճիքայէն եւ Անգլիայէն, ներկայացուցին տարբեր փոքրամասնութիւններու լեզուներու իրավիճակը ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հայերէն, արաբերէն, տոմարի, զախօ, արամերէն եւ այլ լեզուներու քերականական, ուսուցմունքի, գրականութեան եւ ընկերամշակութային գործօնները կազմեցին գլխաւոր առանցքը գիտաժողովի տարբեր ելոյթներուն:
Գիտաժողովին յաջորդեցին աշխատանքային երկու յատուկ հանդիպումներ՝ «Արեւմտահայերէն քերականութեան ուսուցմունքի-փոխանցումի ներկայ մարտահրաւէրները եւ լուծումներ» եւ «Ինչպէ՞ս սորվեցնել Կիպրական Մարոնիթ արաբերէնը՝ վտանգուած բանաւոր լեզու մը»:
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ Կիպրոսի Նիկոսիոյ համալսարանի դասախօս, ներկայացուց «Արեւմտահայերէնի փոխանցումի միտումները՝ ծանրաբեռնուած փոփոխական արտալեզուական տուեալներով» մասնագիտական հետազօտութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր խօսքին հակիրճ ամփոփումը.
«Մայրենի լեզուն պատկանելիութիւն, իւրայատուկ ինքնութիւն եւ մշակութային համերաշխութիւն կը խորհրդանշէ: Արժէքներ՝ որոնք ըստ հայ ժողովուրդին՝ կենսական դեր ունեցան իր պատմական ճակատագիրը ձեւաւորելուն մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ հայը կը հաւատայ, թէ այն վարդապետը, որ այբուբենը հնարեց, յատուկ գոյութիւն մը տուաւ հայ ժողովուրդին: Անոր Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը ճամբայ բացաւ բազմաթիւ ուրիշ թարգմանութիւններու եւ գրական հատորներու, որոնք 5րդ դարուն ծնունդ տուին գիտութեան ոսկեայ ժամանակաշրջանի մը:
«Այսօր՝ հայկական գաղութներու սփիւռքեան իրականութիւնը եւ անոնց դիմագրաւած լեզուական մարտահրաւէրները դարձած են լուրջ եւ էական՝ աշխարհայնացումի այս դարուն: Միեւնոյն ատեն, փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքները եւ կրթութիւնը կը ներկայացնեն անյետաձգելի ընկերային հարցեր, որոնք լուծումի կը կարօտին՝ բազմալեզու ընկերութիւններու մշակութային եւ լեզուական համերաշխութեան համար:
«Նման մթնոլորտի մը մէջ՝ յարգել տեղական, մեծամասնութեան մշակութային եւ լեզուական գերակշիռ ներկայութիւնը եւ փոքրամասնութեան մը լեզուի պահպանումի եւ փոխանցումի հանդէպ դրական կեցուածք մշակելու ճիգերը, բաւական զգայուն, բարդ եւ առաջնահերթութիւններու հարցեր կը յարուցանեն: Այս իսկ պատճառներով, յաճախ վտանգուած լեզուներու պահպանումը կը դառնայ մեծապէս դժուար եւ խրթին խնդիր մը:
«Արեւմտահայերէնի զետեղումը ԵՈՒՆԵՍՔՕի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ՝ կը նշանակէ, թէ աննախընթաց երեւոյթ մը կայ՝ հայ մանուկներ հայերէն չեն սորվիր, եւ հետեւաբար, ինչպէս ուրիշ 2500 լեզուներ, արեւմտահայերէնն ալ մինչեւ 100 տարի կրնայ դադրիլ բանաւոր լեզու ըլլալէ: Այսինքն, ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի չափանիշերուն՝ լեզուին սերունդէ սերունդ փոխանցումը խաթարուած է: Կատարուածը ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ առթնութեան կոչ մըն է՝ վերարժեւորելու հայերէնի ընթացքը եւ գործնական քայլեր առնելու՝ պահպանելու եւ փոխանցելու համար լեզուն ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն, խուսափելու համար Աւստրիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի, Լեհաստանի եւ այլ տեղերու հայկական գաղութներու լեզուական ճակատագիրէն:
«Ըստ ընկերալեզուբանական հետազօտութիւններու, յաճախ արտալեզուական ըմբռնումներու փոփոխութիւնը պատճառ կը դառնայ մայրենի լեզուի մը տկարացման, փոփոխութեան եւ կորուստին: Այս իմաստով, անհրաժեշտ էր սերտել պէյրութաբնակ՝ ճանցուած որպէս հայկականութեան ամրոց, հայերու հայերէն լեզուի գործածութիւնը, անոնց կեցուածքները հայերէն լեզուի հանդէպ, եւ ըստ այնմ՝ լեզուապահպանման գիտական, արհեստավարժ յանձնարարութիւններ ընել:
«Սերտողութիւնը ընդգրկեց 18-80 տարեկան հայեր՝ կեանքի բոլոր քայլերէն, բաղդատական մը կատարելու համար եւ վերլուծելու անցեալի եւ ներկայի հայերէն լեզուի գործածութիւնը եւ կեցուածքները հայ լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի, հայրենիքի, Ցեղասպանութեան, ինքնութեան, եկեղեցւոյ, դպրոցի, ամուսնութեան եւ այլ նիւթերու հանդէպ: Լեզուական փոփոխութիւնները մեծ են եւ 18-35 տարեկան խումբին կեցուածքները որոշ հարցերու նկատմամբ տարբեր են. հարցեր՝ որոնք երէց խումբին մօտ, մասնաւորաբար 55-80 տարեկան խումբին մօտ «սրբութիւններ» են, 18-35 խումբին մօտ՝ դարձած են «եկրորդական» կամ նոյնիսկ՝ «անկարեւոր»:
«Ընկերա-լեզուաբանականօրէն, նման զարգացումներու առաջքը պէտք է առնուի՝ կասեցնելու համար անոնց բազմապատկումը եւ «բնական» երեւոյթ դառնալը: Այսօր, իւրաքանչիւր հայ անհատէ, հայ ընտանիքէ եւ հայ կազմակերպութենէ կը պահանջուի նոյնը եւ աւելին՝ ճարտարարուեստի եւ հաղորդակցութեան հրամցուցած անսահման կարելիութիւններու օժանդակութեամբ, ամուր բռնելու իր մայրենի լեզուն, մշակոյթը, եկեղեցին, ընտանիքը, դպրոցը, թերթերը, կուսակցութիւնները եւ հայրենիքը»:
Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքը աւարտեց՝ մատնանշելով շարք մը գործնական յանձնարարութիւններ, որոնց գործադրութիւնը կրնայ երաշխաւորել հայերէնի պահպանումը ներկայ սերունդին կողմէ եւ փոխանցումը յաջորդ սերունդին: