ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 21 Յունիսի երեկոյեան, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի աւելի քան 120 անդամներ եւ հիւրեր համախմբուած էին ՀՕՄի կեդրոնը, մասնակից դառնալու Շրջանային վարչութեան իւրայատուկ ձեռնարկին, երբ հերթականօրէն կ՛օրհնուի կեդրոնի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող Յիշատակի Պատն ու Մշտադալար Ծառի տերեւները, որոնց ցանկը յաւելում կրած էր: Ուրախալի է հաղորդել, թէ ՀՕՄի Յիշատակի Պատը հարստացած էր 13 նոր յուշատախտակներով, որոնց համար 1,000էն 25,000 տոլար արժողութեամբ նուիրատուութիւններ կատարուած էին:
Օրհնութեան արարողութիւնը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ընկերակցութեամբ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանին:
Առաջնորդ հայրը, առաջին հերթին գնահատեց ՀՕՄի նուիրատուները, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով կը քաջալերեն ՀՕՄի մարդասիրական ծրագիրները եւ օրհնեց համապատասխան Յիշատակի Պատը: Այնուհետեւ առաջնորդ հայրը օրհնեց ՀՕՄի Մշտադալար Ծառը, որ 24 յաւելեալ տերեւներով հարստացած էր, 537ի բարձրացնելով ծառի տերեւներու թիւը:
Իւրայատուկ այս օրհնութեան արարողութիւնը կը զուգադիպէր ՀՕՄի Երախտագիտական երեկոյին, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Շրջանային վարչութեան կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային յանձնախումբերուն, որոնք ամբողջ տարի մը յանձնառու ոգիով կատարած են իրենց վստահուած աշխատանքները: Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ելոյթ ունենալով, բարձր գնահատեց ՀՕՄուհիներու կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատանքները: Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ձեռնարկին ներկայ գտնուող ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը:
Ընկերական ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս՝ ամբողջ երեկոյի ընթացքին:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլէնտէյլի քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային Ծառայութեան իր բաժանմունքը, հոգեբանական կեդրոնը եւ կը հովանաւորէ զանազան երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ օգնութիւններ: Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը: