ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի 145 աշակերտներ, զանազան երգերի կատարումով բացումը կատարեցին ամավերջի հանդէսին, որը տեղի ունեցաւ Յունիս 10ին, կ.ե. ժամը 1:30ին, Երիտասարդական կեդրոնի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» սրահին մէջ։ Տէրունական աղօթքով, Հայրենիքի եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի հիմներգերի ու «Կիլիկիա» երգի խմբային երգեցողութեամբ, առաջինէն ութերորդ դասարանների աշակերտները ողջունեցին ներկաները։
Բարի գալստի խօսքը փոխանցեց Կիրակնօրեայի տեսուչ Յակոբ æաղացպանեան։ Ան անդրադարձաւ 2012 տարին Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակի տօնակատարութեանց եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը «Համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք» ճանաչմանը։ Վեր հանելով Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը, որը կը վերահաստատէ հայ գիրքին մեծ կաեւորութիւնը մեր ինքնութեան պահպանման ու յառաջադիմութեան մէջ՝ ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշնչի թարգմանութեամբ ծաղկում ու զագացում ապրեցաւ հայ գրականութիւնը։
«Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» Քրիստոսի խօսքը որպէս նշանաբան ընդունած Կիրակնօրեայ դպրոցները, հայ աշակերտին համար կը դառնան կենսական, որը իրականութիւն կը դառնայ ընտանիք եւ դպրոց ամուր կապով մը։
Ապա Ջաղացպանեան ներկայացրեց տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքների համայնապատկերը։ 32րդ տարին գործող Կլենտէյլի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեան իր գործունէութիւնը սկսաւ Խաչվերացի Կիրակին, Սեպտեմբեր 14, 2011ին, ունեցաւ աշակերտների թիւի աճ՝ 120էն բարձրանալով 145ի, որոնք 4 դասարանների բաժնուած կրթական տարեշրջանի ընթացքին, զանազան առիթներով ստացած են հաղորդութիւն եկեղեցիէն ներս, սորված են շարականներ, ազգային ու հայրենասիրական երգեր՝ մասնագէտ Էլենա Աւանէսեանի եւ վարժարանի պատասխանատու Մերի Ջաղացպանեանի առաջնորդութեամբ: Աշակերտներ զանզան առիթներով հանդէս եկած են իրենց ծնողների առջեւ, ինչպէս՝ Կաղանդին նուիրուած խրախճանք-հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցի-ընտանիք-կիրակնօրեայ կապի ամրապնդմանը նպաստած Կիարակնօրեայի ծնողաուսուցչական մարմնի կազմակերպած Համբարձման տօնի դաշտագնացութիւնը, Մայիս 20ին:
Յայտագիրը իր գեղարուեստական բաժինով յաջորդաբար շարունակեցին մանկապարտէզէն ութերորդ դասարանների աշակերտները՝ երգերով, շարականներով, սաղմոսներով, ապա «Հայ Եկեղեցին» եւ «Տասը պատուիրաններ»ը թատերախաղերով։
Տարուած աշխատանքի մասին իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը, որ գնահատելով արձանագրուած յաջողութիւնները՝ շնորհաւորեց տնօրինութեան, ծնողներին ու աշակերտներին, որոնք պարգեւեցին հոգեպարար ապրումներ, եւ երեխաներին անուանեց «երկրաւոր հրեշտակներ»ը երկրի վրայ։
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Զարեհ Մարգարեանը, որ նոյնպէս շնորհաւորեց աշակերտներին, ծնողներին, տեսուչ Յակոբ æաղացպանեանին, որ երկար տարիներ իր սուղ ժամերը տրամադրում է ուսուցողական այս աշխատանքներին, նաեւ՝ դաստիարակներին, ապա կոչ յղեց ծնողներին՝ շարունակել վստահիլ եւ իրենց զաւակները բերել Կիրակնօրեայ։
Շրջանաւարտի ուղերձի ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի շրջանաւարտ աշակերտների վկայականների բաշխում։
Բարի մաղթանքներով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց շրջանաւարտներին, որոնք իրենց մտքերուն մէջ պահած են Աստուծոյ խօսքը, որը եւ Կիրակնօրեայի կարեւոր ու անհրաժեշտ՝ միասնաբար Աստծոյ ծառայելու հաստատումն է։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցիչներին եւ ծնողներին՝ սրբազան հայրը հաստատեց, որ խօսքի սերմերը կը տարածուեն, որուն կը նպաստեն ուսուցիչները, մասնաւորաբար՝ տեսուչ Յակոբ æաղացպանեանը, որոնք մեծ դեր ունեն անոնց կրթութեան ու դաստիարակութեան, նաեւ ծնողները, որոնք կը քաջալերեն եւ կ՛ուղղորդեն երեխաները Կիրակնօրեայ վարժարան։
Ապա շրջանաւարտների վկայականների բաշխում կատարուեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Արտակ քհնյ. Տէրմէնճեանի ձեռամբ։ Գնահատանքի արժանացան ուսուցիչներ, ծնողաօժանդակ մարմնի անդամներ, օգնական ուսուցիչներ, որոնք ստացան տարուան խորհուրդը խորհրդանշող գիրքեր։
Դարեր շարունակ մեր ազգը իմաստուն թելադրականութեամբ հարթել է մաքուր ու ազնիւ ճանապարհ, որուն վրայէն կը քալէ խոստմնալից մի սերունդ։