
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Ֆրանսայի մէջ նոր Նախագահի ընտրութենէն ետք, Թուրքիա կը փորձէ իր յարաբերութիւնները բարելաւել Փարիզի հետ: Թուրքիոյ ու Ֆրանսայի միջեւ նոր կամուրջներ հաստատուեցան Հինգշաբթի, Յուլիս 5ին, երբ Փարիզի մէջ իրարու հետ հանդիպում ունեցան Թուրքիոյ ու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմետ Տաւութօղլու ու Լորան Ֆապիւս։
Երկու նախարարները քննեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց մէջ միշտ առաջնակարգ տեղ ունէին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող այն օրէնքը, որ մերժուեցաւ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ջանքերը։
Հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ լրագրողներ հարցուցին, թէ Ֆրանսայի նոր կառավարութիւնը պիտի պատրաստէ՞ Ցեղասպանութեանց ուրացումը յանցագործութիւն նկատող նոր օրէնք մը, Ֆապիւս պատասխանեց, թէ այս հարցը շատ նուրբ հարց մըն է ֆրանսացի քաղաքագէտներուն համար: Ան բացատրեց, թէ նախապէս պատրաստուած օրէնքը մերժուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ։ «Յայտնի է, որ դարձեալ կը մերժուինք, եթէ մենք ալ նոյն ճամբուն հետեւինք. կ՛երեւի, թէ մենք չենք կրնար ընթանալ նոյն ճամբէն», ըսաւ Ֆապիւս՝ աւելցնելով, որ դժուար, թէ Ցեղասպանութեան բանաձեւը «յարութիւն առնէ»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը չմոռցաւ ընդգծելու, թէ Ֆրանսա կ՛ուզէ աւելի յառաջ տանիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, քանի որ Թուրքիան կը նկատէ «անկայուն հողատարածքի մը վրայ կայուն դեր կատարող կարեւոր դերակատար ու դաշնակից մը»։
Իր կարգին՝ Տաւութօղլու ըսաւ. «Մենք հոս ենք, որպէսզի բանանք նոր շրջան մը: Յայտնի է որ որոշ տարակարծութիւններ ունինք, բայց զանոնք պիտի լուծենք ո՛չ թէ ներքին քաղաքականութեան մտահոգութիւններով, այլ՝ հասարակաց տեսիլքի մը լոյսին տակ»։
Ան ըսաւ, որ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ուրախ պիտի ըլլայ հիւրասիրելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, եւ յիշեցուց, որ արդէն իսկ ջնջուեցան այն պատժամիջոցները, որոնք կը գործադրուէին Ֆրանսայի դէմ։
Իր նախընտրական արշաւին ընթացքին, Հոլանտ ըսած էր, թէ Ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող նման օրինագիծի մը պիտի նախաձեռնէ՝ նկատի ունենալով Ֆրանսայի սահմանադրութեան պայմանները:
Յատկանշական է նաեւ, որ Ֆապիւս Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն նեցուկ կանգնելու յստակ խոստում մը չտուաւ, այլ բաւարարուեցաւ ըսելով, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի պիտի դրուի:
Եւրոմիութեան անդամակցելու համար Թուրքիան պէտք է 35 թղթածրարներու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնէ. անոնցմէ 14ը կը մնան արգելափակուած, որովհետեւ Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը: