
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Գերմանացի նշանաւոր իրաւագէտ, «Ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնախումբ»ի ղեկավար Թեսա Հոֆմանի հետ ունեցած զրոյցին ընդմէջէն, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութիւնը փորձած է գիտնալ անոր կարծիքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կեցուածքին մասին:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, առցանց քուէարկութիւններէ ի յայտ եկած է, որ շուրջ 157 հազար գերմանացիներ կ՛ուզեն, որ Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելը անօրինական նկատող օրէնք որդեգրէ: Մինչ այդ, նախորդ շաբաթ «Ռոյթըրզ» հաղորդած էր, թէ Գերմանիոյ վարչապետը մերժած է հազարաւոր գերմանացիներու այդ առաջարկը:
Թեսա Հոֆման վկայակոչած է 7 տարի առաջ Գերմանիոյ խորհրդարանին միաձայնութեամբ որդեգրած որոշումը. 2005 թուականի Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակին առիթով խորհրդարանը, առանց «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու, կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ՝ ընդունելու հայերու դէմ գործադրած ջարդերը՝ ափսոսանք յայտնելով այն մասին, որ Գերմանիան ջանք անգամ չէր տարած կասեցնելու այդ ոճրագործութիւնը՝ նոյնիսկ երբ կազմակերպուած տեղահանումներու եւ բնաջնջման մասին տեղեկութիւններ ունեցած էր։
Թեսա Հոֆման այս գծով դժգոհութիւն յայտնեց. «Բայց այս 7 տարիներուն ընթացքին մոռցան իրենց տուած որոշումը։ Եւ հիմա կառավարութեան ներկայացուցիչները, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներն ու կառավարութեան ղեկավարը՝ Անկելա Մերքելը, չեն ըսեր, որ տեղի ունեցածը յանցագործութի՞ւն է, ցեղասպանութի՞ւն է. անոնք կ՛աւելցնեն, որ Հայաստանն ու Թուրքիան իրե՛նք պէտք է ճշդեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ»:
«Ես կ՛ուզեմ համեմատութիւն մը կատարել. ասիկա նման է Իսրայէլին ըսելու, որ թող այդ (ողջակիզումի) հարցը լուծէ նէոֆաշիստներուն հետ: Ասիկա կարելի չէ: Բացի ատկէ, մենք պէտք է Գերմանիայէն ակնկալենք նոր ու յստակ դիրքորոշում», նշեց Հոֆման՝ շարունակելով. «Մենք ունինք կարեւորագոյն փաստերը, որոնք Ցեղասպանութեան մասին կը վկայեն: Եթէ մեր ներկայի քաղաքական գործիչները այդ փաստաթուղթերը կարդան պիտի գիտնան, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է»:
Իրաւաբանին համաձայն, յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Գերմանիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք անհրաժեշտ է աշխոյժ համագործակցութեան սկսիլ նոր խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատրաստել նոր որոշում: Թեսա Հոֆման համոզուած է, որ հայերը արդիւնքի կը հասնին, եթէ համագործակցին այս հարցով մտահոգ կազմակերպութիւններու հետ: