
ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 11ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենօ յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի գործող նախագահը հաւատարիմ պիտի մնայ նախընտրական շրջանին ըրած իր յայտարարութիւններուն եւ պիտի վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կրկին շրջանառութեան մէջ դրուի:
«Այսօր կը փնտռուին այն բոլոր միջոցները, որոնք պիտի օգնեն այդ օրինագիծը կրկին շրջանառութեան մէջ դնելու: Որքան կը յիշեմ, նախընտրական շրջանին ապագայ նախագահը ըսաւ, որ երկար ժամանակ պիտի չսպասէ, օրինակ՝ մինչեւ իր նախագահական իրաւագիրի աւարտը, որպէսզի շրջանառութեան մէջ դնէ այդ օրինագիծը», ըսաւ դեսպանը, նշելով, թէ իրեն համար ի պաշտօնէ կարեւոր են միայն Ֆրանսայի մէջ նախագահի մակարդակով եղած յայտարարութիւնները:
«Էլիզէեան պալատը կը խորհի այն եղանակներուն մասին, թէ ի՞նչ կերպով օրինագիծը կարելի է կրկին վերադարձնել խորհրդարան: Ատիկա կը կատարուի առանց այս կամ այն երկրի ազդեցութեան», ընդգծեց դեսպան Ռենօ՝ աւելցնելով. «Ասիկա Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնն է: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը նուրբ հարց է, քանի որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին ցեղասպանութենէն փրկուած հայեր»: