
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Քաշաթաղի շրջանին մէջ կայացած նախընտրական հանդիպումներուն ժամանակ, Արցախի նախագահական թեկնածու Վիտալի Բալասանեան հանդիպած է Սուրիոյ Գամիշլի շրջանէն Կովսական (նախկին՝ Զանգելան-«ԹերԹ») տեղափոխուած քանի մը ընտանիքի, որոնց հետ քննարկած է սուրիահայութեան խնդիրները եւ Արցախ տեղափոխուած հայերու դիմագրաւած հարցերը:
Ըստ Վիտալի Բալասանեանի նախընտրական յանձնաժողովի տարածած հաղորդագրութեան՝ ան նշած է, որ հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ: Ան նշած է, թէ Սփիւռքը մեծածաւալ օժանդակութիւն ցոյց տուած է Արցախին եւ ժամանակն է, որ Արցախը աշխուժօրէն մասնակցի հայապահպանութեան գործին ու հայութեան վտանգ սպառնացող պարագաներուն:
ԼՂՀ նախագահական թեկնածուն նաեւ նշած է, որ այսօր սպառնալիքի տակ է Սուրիա ապրող հայութիւնը եւ անոնց ճակատագիրը պէտք է լրջօրէն յուզէ Արցախը: