ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Արմէնփրէս»: Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան ղեկավար, հրամանտար Աւիւ Քոչաւի, ելոյթ ունենալով Քնեսեթի պատգամաւորներուն առջեւ՝ մտավախութիւն յայտնած է Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններու հնարաւոր զարգացման կապակցութեամբ. այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ յղում ընելով «Հաարեց» թերթին:
Ըստ Քոչաւիի՝ Սուրիոյ ներկայի իշխանութիւնը պիտի չկարենայ յաղթել քաղաքացիական պատերազմը, թէեւ Ասատի վարչակարգը կրնայ դիմանալ երկու ամիսէն մինչեւ երկու տարի եւս: Ան նշած է, որ Ասատի տապալումէն ետք Կոլանի բարձունքներու շրջանը կրնայ վերածուիլ Սինայի կրկնօրինակին, այսինքն՝ հակաիսրայէլեան ահաբեկչական աշխոյժ կեդրոնի:
Քոչաւի պատգամաւորներուն ցուցադրած է արբանեակային նկարահանումներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս սուրիական հրետանին «կրակ կը տեղացնէ տարբեր քաղաքներու վրայ»: Անոր խօսքով՝ «ատիկա կը վկայէ ապստամբութիւնը նուազ դաժան ձեւերով ճնշելու իշխանութեան անկարողութեան մասին»:
Հրամանատարը պարզաբանած է նաեւ, որ այդ պայմաններուն մէջ, ամէն շաբաթ Սուրիոյ մէջ կը զոհուի շուրջ 500-700 մարդ: Ըստ անոր՝ Սուրիոյ կողմէ Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակումի վտանգ չկայ, քանի որ Ասատ բոլոր զօրքերը գրեթէ Կոլանի բարձունքներէն ետ քաշած է դէպի ներքին շրջաններ՝ ճնշելու համար ապստամբութիւնը: