ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թովուզի շրջանի Գարալար գիւղի մօտերը 15 Յունիսին՝ ժամը 22:00ի շուրջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի ուղղութեամբ կազմակերպուած հետախուզական գործողութեան կասեցումէն ետք փախուստի դիմած ատրպէյճանցիները մարտադաշտին մէջ «մոռացած են» իրենց վիրաւոր ընկերը: Ատրպէյճանական բանակի զինուոր Օրուճով Էլչին Ռագուֆ Օղլուն մնացած է «չէզոք գօտի»ին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Էլչին Օրուճով Թարթարի շրջանի Սեյտիմլի գիւղէն է: Թէեւ ան աւարտած էր իր զինուորական ծառայութեան ժամանակաշրջանը, սակայն տակաւին չէր զօրացրուած: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է դէպքը: Մարտադաշտին վրայ «մոռցուած» վիրաւոր զինուորին հարազատները ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ ան քանի մը անգամ բջիջային հեռաձայնով հեռաձայնած է եղբօր ու հօր՝ յայտնելով, որ որովայնէն վիրաւոր է: Զօրամասէն Օրուճովի հարազատներուն տեղեկացուցած են, որ զինուորը փնտռելու աշխատանքները կը շարունակուին։