Դամասկոսի մէջ արդէն երկրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուին կատաղի մարտերը, որոնք կը համարուին Սուրիոյ մէջ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն ընթացքին արձանագրուած ամէնէն արիւնալի բախումները:
Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի որոշ արուարձաններ արդէն իսկ անցած են Սուրիոյ ազատ բանակի հսկողութեան տակ: Թէեւ զոհերու յստակ թիւ չէ նշուած, սակայն ըստ տարածուած լուրերուն՝ Երեքշաբթի լուսադէմին զոհուած է 20էն աւելի մարդ: Հիմնական մարտերը կ՛ընթանան մայրաքաղաքը միջազգային օդակայանին կապող մայրուղիին վրայ:
Հակամարտութիւնները սրած են ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ նոր բանաձեւ ներկայացնելու նախաշեմին:
Նախապէս, Սուրիոյ ազատ բանակը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ մը՝ նշելով, որ լայնածաւալ գործողութիւններ պիտի սկսին կառավարական ուժերուն դէմ: Ազատ բանակի նոր մարտավարութիւնն է՝ յարձակիլ բոլոր կառավարական ուժերուն վրայ՝ երկրի տարբեր քաղաքներու կամ գիւղերու մէջ՝ ստիպելով զանոնք յանձնուելու:
Ընդդիմադիրները այդ գործողութիւնը անուանած են «Հրաբուխ Դամասկոսի մէջ, Երկրաշարժ Սուրիոյ մէջ»: Անոնք նշած են, որ ատիկա «առաջին ռազմավարական փուլն է, որպէսզի երկիրը հասցնեն ամբողջական եւ լիարժէք քաղաքացիական անհնազանդութեան»:
Անոնք նաեւ յայտարարած են, թէ իբրեւ «թիրախ» պիտի ընդունին նաեւ Սուրիոյ զինեալ գործընկերները՝ այլ երկիրներէ, օրինակ՝ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի անդամներ կամ Իրանի յեղափոխականներ:
Իսկ Իրաքի մէջ Սուրիոյ նախկին դեսպան Նաուաֆ Ֆարես, որ անցած էր ընդդիմութեան շարքը, «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, թէ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստ է նոյնիսկ քիմիական զէնք կիրառելու, եթէ յայտնուի անելանելի վիճակի մէջ: Ֆարես յայտարարած է, թէ ոչ հաստատ տեղեկութիւններու համաձայն՝ նման զէնք արդէն իսկ կիրառուած է Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ: Ան նաեւ պնդած է, որ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած պայթումները կազմակերպուած են Սուրիոյ մէջ իշխող վարչակազմին եւ «Քայիտա» ահաբեկչական խմբաւորման ջանքերով: