ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պատրաստեց՝
ՏՈՔԹ. ՎԵՀ. Ս. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այժմու Իրաքի հիւսիսային հինգ նահանգներէն մէկն է Նինուէն: Սահմաններն են, հիւսիսէն՝ Թուրքիան եւ արեւմուտքէն՝ Սուրիան: Նահանգին կեդրոնն է Մուսուլ, որ Իրաքի ամենամեծ քաղաքն է ներկայիս: Մուսուլ՝ պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը, Տիգրիս գետի աջ ափին է, հիմնուած հին ժամանակներէ մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով:

Միջագետքի հիւսիսային սահմանին վրայ հայ գաղթօճախներ կը սկսին ստեղծուիլ 10րդ դարուն երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը յաջողեցաւ գրաւել խալիֆայութեան ձեռքէն Սուրիոյ եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջանները: Այս շրջաններու բնակչութիւնը ձգելով իր բնակավայրը կը հեռանային նահանջող բանակին հետ: Բիւզանդացիներ իրենց գրաւած վայրերուն մէջ կը բերէին ու կը բնակեցնէին հայեր, յոյներ եւ ասորիներ:
Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ 10րդ դարու վերջերը Իրաքի հիւսիսային շրջաններու մէջ այնքան հայ բնակչութիւն կեդրոնացած էր, որ անհրաժեշտ տեսնուած էր առանձին թեմ ստեղծել: Այս թեմը, որուն հարաւային մասը մինչեւ Մուսուլ հասած էր եւ ենթարկուած էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան:
Այս նոր գաղթօճախները երկար չտեւեցին: 10րդ դարու կէսերուն, երբ սելճուքներ նուաճեցին Իրաքը, անոնց վայրագութիւններէն մեծ թիւով տուժեցին, առաջին հերթին՝ հայեր: Յետագային, այս գաղթօճախները նոր հարուած կրեցին Մոնկոլներու արշաւանքէն 1250ական թուականներուն, երբ անոնք սելճուքներու ձեռքէն գրաւեցին այս շրջանները եւ այլուր Իրաքի մէջ:
Երբ քիչ թէ շատ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին 11րդ դարուն, Մուսուլի եւ մօտակայ շրջաններու մէջ հայկական նոր գաղթօճախներ ստեղծուած են, ըստ Էջմիածինի մէջ պահուած 1352 թուականին Մուսուլի մէջ հայկական ձեռագիր քարոզագիրքի մը՝ «գրեալ ի քաղաք Մուսուլի, ի Մանուէլ քահանայէ», որ կ՛ապացուցանէ թէ 14րդ դարուն Մուսուլի մէջ ոչ միայն հայեր կային, այլ անոնք ունէին քահանայ, հոգեւոր հովիւ եւ հետեւաբար եկեղեցի, ինչպէս միւս քրիստոնեայ համայնքները: Լենք Թիմուրի 1397ի արշաւանքէն վերջ, բոլոր այս եկեղեցիները անհետացած են:
Մուսուլէն 35 քիլօմեթր հարաւ-արեւելք, Փոքր Զապ գետի մօտերը, 12րդ դարուն հիմնուած Մար Պահնամ պատմական վանքին ներսի կողմի պատերէն մէկուն վրայ հայատառ տապանագիր մը կայ, որուն տառերը իրարու քով բերելով բառեր չեն կազմուիր: Տեղացի վանականներ աւանդութեամբ գիտեն, թէ բարձրաստիճան հայ կղերական մը վանք այցելութեան ընթացքին վախճանած է եւ հոն թաղուած է:
1638էն ետք, երբ սկսաւ Օսմանեան տիրապետութիւնը, որ տեւեց չորս դարեր, փոքր թիւով հայեր եկած են Մուսուլ որպէս պետական պաշտօնեաներ, ոմանք ալ առեւտուրի բերումով, մաս մըն ալ հալածանքներէ ազատելու համար, մասնաւորապէս Սղերդէն, նաեւ Թոքաթէն, Տիգրանակերտէն եւ այլ տեղերէ:
Փոքրաթիւ գաղութի երիտասարդներ մերթ խնամիական կապեր հաստատած են տեղացի քրիստոնեաներու հետ: Նաեւ եկեղեցական ծէսերու համար հոգեւոր հովիւ մը չունենալնուն՝ ստիպուած եղած են այլ քրիստոնեայ կղերներու դիմելու: Ասոնցմէ մեծ մասը ձուլուած է տեղացի քրիստոնեաներու մէջ: Մուսուլի քրիստոնեայ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուողներէն մաս մը ծագումով հայեր եղած են:
Գնահատանքով յիշատակութեան արժանի են Սղերդէն գաղթողները, որոնք պահած են իրենց ինքնութիւնը, հակառակ ոչ հայախօս ըլլալնուն. անոնցմէ կարելի է յիշել Չաքմաքճեանները, Կարապետեանները, Քուլոյեանները, Քէնտերեանները եւ ուրիշներ:
Դարեր առաջ հիւսիսային Իրաքի այս պատմական քաղաքը յաճախ այցելած են օտար զբօսաշրջիկներ եւ ուղեւորներ: Հաւանաբար ասոր առիթ տուող պատճառներէն են պատմական Նինուէն եւ վերջին ժամանակներու Տօմինիկեան հայրերու կեդրոնատեղի վանքին հոն ըլլալը: Նաեւ շրջան մը Իրաքի Պապական դեսպանի կեդրոնը Մուսուլի մէջ կը գտնուէր:
Առաջին ուղեւորը հոլանտացի տոքթ. Լէօնալտ Ռաուլֆը 1573-76 տարիներու արեւելք ուղեւորութեան մասին գրած ատեն յիշած է, թէ Մուսուլի մօտ Գարագոշ գիւղին մէջ հանդիպած է հայերու: Երկրորդը՝ ֆրանսացի Թաւերնիէ «Իրաք՝ 17րդ դարուն» անունով գիրքին մէջ կը յիշէ թէ 1644ին հանդիպած է Մուսուլ, ուր քրիստոնեայ համայնքներ կը բնակէին, որոնց մէջ ի միջի այլոց նաեւ մաս մը հայեր: Երրորդը՝ դանիացի Քրիսթիան Նիփօն, որ Իրաք այցելած է 1760ական թուականներուն, «Ուղեւորութիւն Իրաք 18րդ Դարուն» իր գիրքին մէջ գրած է, թէ Մուսուլի հիւսիսային կողմը, Պէյսան անունով գիւղի մը հանդիպած է, ուր քանի մը ընտանիք հայեր կ՛ապրէին:
Չորորդ մը՝ Օլիվիէ «Ուղեւորութիւն Դէպի Իրաք 1794-96» գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ Մուսուլի փաշան՝ Մուհամետ Էմին Ճալիլին մեծ ջանք թափած է Սինճարի բնակիչները՝ որոնց կարգին հայերը, բերել եւ բնակեցնել Մուսուլ, որպէսզի հողագործութեամբ զբաղին եւ իրենց հունձքը ծախեն քաղաքին մէջ: Հինգերորդը՝ Մուհամետ Ահմետ Հիւսէյնի «Մունշի Պաղտատի» ուղեւորութեան գիրքին մէջ կը յիշէ, որ Պաղտատ գտնուած միջոցին անգլիական հիւպատոս Քլոտիոս Ռիչի եւ Աղա Մինասի հետ այցելած են Մուսուլ 1820ին, ուր հանդիպած են հայերու, որոնց յարգուած տարր ըլլալը նկատած է:
Այսպէս, Մուսուլի հայ կեանքի սկզբնաւորութեան մասին փաստացի տեղեկութիւններ կը պակսին, կը մնայ յենուիլ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման թուականին վրայ՝ 1857ին: 1830-40ական թուականներուն 20 հայ ընտանիքներ սահմանակից Սղերդէն, նաեւ Տիգրանակերտէն եւ այլ քաղաքներէ եկած հաստատուած են Մուսուլ: Այս շրջանին, գաղութի բնիկները փոքրաթիւ ըլլալով եկեղեցի չունէին, հետեւաբար իրենց հոգեւոր կարիքներուն համար կը դիմէին տեղացի ասորի կամ քաղդէացի կաթոլիկներուն եւ արձանագրութեան արժանի կեանք չեն ունեցած:
ՆՈՐ ԳԱՂՈՒԹԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Վերոյիշեալ դրութիւնը շարունակուած է մինչեւ Իրաքի թեմի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կցուիլը՝ 1847ին: Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեան Պոլիսէն Մեսրոպ Ծ. վարդապետը կը նշանակէ առաջնորդ Իրաքի հայոց: Հայր Մեսրոպի առաջին աշխատանքներէն կը յիշատակուի 1851ին իր անմիջական ջանքերով Մուսուլի մէջ կառուցումը առ-ժամեայ փոքր մատուռի մը, որ կը կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:
1852ին Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցելէ ետք, Մեսրոպ Ծ. վարդապետ իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Մուսուլի փոքրաթիւ գաղթօճախը հիմնական եկեղեցիով օժտելու ծրագիրին վրայ: Ան իր ձեռներէցութեամբ եւ Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կառուցման համար հանգանակուած դրամի մնացածով ու Մուսուլի բարեսէր ազգայիններու նիւթական մասնակցութեամբ, 1857ին կը կառուցանէ փոքր եկեղեցի մը, քրիստոնէաբնակ բազմամարդ թաղի մը մէջ, զայն կոչելով Ս. Էջմիածին:
Այս եկեղեցւոյ շնորհիւ է, որ Մուսուլի հայութիւնը մնացած է ամուր կառչած իր նախնիներու հնաւանդ սովորութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ իրենց փոքրիկները եկեղեցիի կողքին ուսած են մայրենի լեզուն: Առաջին համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներու ընթացքին ալ հոգացած է Մուսուլ հաւաքուած հայ գաղթականութեան հոգեւոր կարիքները:
Մուսուլի առաջին հոգեւոր հովիւը կ՛ըլլայ Յակոբ քհնյ. Տէր Եղիայեան, ապա՝ անոր վախճանումէն ետք (1891ին), անոր եղբայրը՝ Աւետիս քհնյ., որ պաշտօնավարած է մինչեւ 1894: Յաջորդը՝ Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեան, որ պաշտօնավարած է մինչեւ 1911:
Մուսուլի մէջ նշանակալից համայնքային կեանք մը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 1900ական թուականները, երբ կը կազմուի թաղական խորհուրդ մը հետեւեալ ազգայիններէն բաղկացած՝ Ալեքսան Աղա Գույումճեան, Խօճա Միրզա Կարապետեան, Սարգիս Չաքմաքճեան,Պօղոս Եմէնիճեան եւ Տիգրան Քուլահեան, նախագահութեամբ՝ Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեանի:
1910 թուականին Մուսուլի 20-25 ընտանիքներէ բաղկացած գաղութը նախակրթարան մը ունեցած է, ինչպէս յիշուած է թաղական խորհուրդի Ապրիլ 1, 1911 թուակիր նամակի մը մէջ, ուղղուած Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Վահան եպս. Մանկունին: Սոյն նամակով Մուսուլի թաղականութիւնը օժանդակութիւն խնդրած է դպրոցին համար: Պատրիարքարանը նամակը յղած է Պաղտատի առաջնորդարանին վիճակի մասին տեղեկութիւններ պահանջելով: Իրաքահայոց ա-ռաջնորդարանի արխիւներուն մէջ սոյն դպրոցի վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին՝ այն մասին, թէ դպրոցը որքան ատեն գոյութիւն ունեցած է:
Հոս միջանկեալ յիշենք, որ 1904ին իբրեւ ուսուցիչ Մուսուլ հրաւիրուած է Աբրահամ Մուրադ Թաճիրեան, որ եօթ տարի պաշտօնավարելէ ետք, քահանայ ձեռնադրուած է Պաղտատի մէջ եւ վերանուանուած Վահան քհնյ. Թաճիրեան ու Պաղտատ փոխադրուած:
1912ին կը հրաւիրուի Գրիգոր քհնյ. Տէր Յակոբեանը՝ Մուսուլի հոգեւոր հովուութեան: Գրիգոր քահանայի Մուսուլի հոգեւոր հովուութիւնը ստանձնելէ ետք, վրայ կը հասնի 1914ի Առաջին Համաշխարհային պատերազմը: Պատերազմը սկսելէն ետք, գաղթականական հոսանքներ հասած են Իրաք, այնպէս որ ամբողջ տարածքը գաղթակայանի տեսք մը կը ներկայացնէր: Հոն էին հայեր, ասորիներ, նեստորականներ, քիւրտեր եւ ուրիշներ, Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերէն տարածուած, տանջուած, կեանքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակած բեկորներ: Տէր Զօրի հայոց սպանդէն ազատողներու հոծ բազմութիւն մը կը հասնի Մուսուլ:
Զաւէն արքեպիսկոպոս «Պատրիարքական Յուշեր» խորագիրով իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ Մուսուլ հասնող այս գաղթականներու անտանելի վիճակը՝ անօթութիւն, բարոյական անկում եւ օրական միջին հաշուով 10 հայ մեռեալ: Այս դրութենէն ազատելու համար «…քանի մը խումբեր արաբներու առաջնորդութեամբ անբնակ տեղերէ անցած եւ անգլիական տիրապետութեան տակ ապաստանած ու փրկուած են: Երկու տեղացի հայեր՝ Սերոբ եւ Սաֆօ, որոնք փախուստ կարգադրողներն էին՝ բռնուեցան եւ իրենց ցեղակիցները կորուստէ փրկելու ամբաստանութամբ եւ կախաղանով քաւեցին իրենց մեղքը»:
Իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի Յուլիս 9, 1947 թուակիր թիւին մէջ, Տարօնացի ստորագրութեամբ «Մուսուլահայութեան Համառօտ Պատմութիւն» խորագիրով յօդուածին մէջ վերոյիշեալներու լրիւ անունները կը յիշատակէ՝ Սերոբ Մալխասեան, Սաֆօ Խպճոյեան եւ կ՛ըսէ թէ Պապի Էմիրեանի աղջիկը՝ Շիրինը եւս կախաղան հանուած է: Պ. Էմիրեան փախուստ կարգադրողներու խմբապետն էր, որ յաջողած է ազատիլ ձերբակալութենէ: Այս հարցին մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութիւն կայ տոքթ. Մովսէս Տէր Յակոբեանի «Իրաքահայ Կեանքէն» գիրքի առաջին հատորին մէջ:
Մուսուլի պատկանող շրջաններէն՝ Սինճար, որ կը գտնուի քաղաքի արեւմտեան կողմը՝ 100 քիլօմեթր հեռու, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը Եզիտիներ են, Եղեռնի ընթացքին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոն հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ՝ մեծամասնութիւնը Մերտինէն, ազատած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ:
1919-20 թուականներուն 3-4 հազարէ բաղկացած գաղութ մը կը դառնայ Մուսուլ, եւ թաղական խորհուրդի մը գոյութիւնը կը շարունակուի: Ըստ Պաղտատի Ազգային քաղաքական ժողովի 41րդ նիստի Հոկտեմբեր 23, 1922 թուակիր ատենագրութեան, ակնարկելով Մուսուլին «անմխիթար կացութիւն մը կը տիրէր» յիշուած է: Ժողովը կացութեան մօտէն ծանօթանալու համար Պաղտատ կը հրաւիրէ Սարգիս Չաքմաքճեանը, Մուսուլի Տարագրելոց մարմինի ներկայացուցիչը:
Չաքմաքճեան վերոյիշեալ նիստին կը զեկուցէ, թէ թաղական խորհուրդի անդամներ, ձեռնհաս գործունէութիւն մը չէին կրցած ցոյց տալ: Դպրոց բանալու հարցին մէջ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին կատարուած դիմումները արդիւնաւոր չէին եղած, իսկ իր անձնական միջոցներով կատարած դիմումներուն պետութիւնը դրական պատասխան մը տուած էր, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւն ալ ըրած: Դպրոցը կը բացուի թաղականութեան փոխատենապետ Յ. Օհանեանի տան մէջ. ան «ազնուօրէն ձրի տրամադրած էր որպէս դպրոց գործածելու: Դպրոցը կ՛ունենայ 110 երկսեռ աշակերտութիւն»: Հինգ անձերէ բաղկացած հոգաբարձութիւն մը կը նշանակուի դպրոցը կառավարելու: Ժամանակ մը յետոյ հոգաբարձութեան անդամները կը հրաժարին եւ թաղական խորհուրդը յանձն կ՛առնէ դպրոցը կառավարելու գործը: Հոս կը վերջանայ զեկուցումը:
Քանի մը տարի ետք, դպրոցը կը փոխադրուի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող քանի մը սենեակներու մէջ: Այս դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1926: 1924-26 տարիներուն՝ ուսուցչական գետնի վրայ, կարեւոր աշխատանք ունեցած է Արմենակ Փանոսեան, որ ուսումը առած էր Միացեալ Ընկերութեան բարձր դպրոցներուն մէջ:
1926ին տոքթ. Գալուստ Աստարճեանի նախաձեռնութեամբ թաղական խորհուրդ մը կը կազմուի իր ատենապետութեան ներքոյ, որուն առաջին գործերէն մէկը կ՛ըլլայ ընդարձակել դպրոցը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:
Աշակերտւթիւնը շատցած ըլլալուն, թաղական խորհուրդը Լիբանանէն կը հրաւիրէ Սիրական Օրջանեանը (ապա քահանայ տէր Մեսրոպ), որպէս նախակրթարանի տնօրէն եւ տիկինը՝ Լուսաբեր, որպէս մանկապարտիզպանուհի՝ 1927ին: Նոյն թուականէն կը վարձուի ընդարձակ շէնք մը հայաշատ թաղի մը մէջ ու դպրոցը հոն կը փոխադրուի, նախակրթարանի վեց դասարաններով ու մանկապարտէզով:
Նախանձախնդիր ըլլալով ազգապատկան դպրոցական շէնք ունենալու՝ Մուսուլի թաղականութիւնը յարմար հողամաս մը կը գնէ քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ շքեղ պարտէզի մը դիմաց: Շնորհիւ տոքթ. Գ. Աստարճեանի եւ Սերոբ Քէնտէրեանի յարատեւ աշխատանքներուն եւ օժանդակութեան, մուսուլահայութիւնը կը կառուցէ սեփական երկյարկանի դպրոցը՝ 1934ին: Այս թուականի դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, դպրոցը հոն կը փոխադրուի եւ կը գործէ մինչեւ համայնքային դպրոցներու պետականացումը՝ 1974ին:
1932ին Մուսուլի մէջ կազմուած են Հայ Կարօտելոց խնամակալութիւնը եւ Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը. երկու քոյր միութիւններ, որոնք ձեռք ձեռքի տուած կը հասնին մխիթարելու եւ օժանդակելու չքաւոր եւ կարօտեալ ընտանիքները: 1959ին Հայ Կարօտելոց խնամակալութեան աշխատանքը կը դադրեցուի, սակայն Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը՝ թաղականութեան ներքոյ, կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր:
Մուսուլի մէջ 1960ական թուականներուն հիմնուած է ՀՄԸՄը, որ կ՛ունենայ տասնեակ տարիներու գործունէութիւն մը՝ «Նահատակ Սերոբ Մարզական Ակումբ» անունին տակ:
Ս. Էջմիածին եկեղեցին կանգուն մնացած էր մէկ դար, սակայն 1950ական թուականներուն այլեւս ներկայանալի եկեղեցի մը ըլլալէ դադրած էր. այդ մէկը կը մտահոգէր տեղւոյն ժողովուրդը եւ Ազգային իշխանութիւնը ի Մուսուլ եւ ի Պաղտատ: Միացեալ որոշումով յարմար դատուեցաւ նոյն թաղամասին վրայ աւելի ընդարձակ եկեղեցի մը կառուցել: Նոր եկեղեցին, որ դարձեալ Ս. Էջմիածին կոչուեցաւ, շինուեցաւ 1968ին եւ օծումը կատարեց գաղութի օրուան առաջնորդ Ասողիկ եպս. Ղազարեան Նոյեմբեր 16, 1969ին:
Մուսուլի թաղականութիւնը, շրջանը հասութաբեր կալուածով օժտելու մտադրութեամբ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, որոշեց նախկին ազգապատկան սրահին տեղը, որ առեւտրական շրջանի մը մէջ էր, շէնք մը կառուցել: Գործը սկսաւ 1990ին եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 1993ին: Շէնքը կը բաղկանայ երեք յարկերէ՝ գետնայարկը՝ վարձու տրուելիք խանութներէ, վրայի երկու յարկերը՝ սրահներ:
Մուսուլ քաղաքը աստիճանաբար ընդարձակուելով, հայեր աւելի վայելուչ թաղեր փոխադրուելու սկսած էին նախորդ դարու վերջին քսանամեակի ժամանակամիջոցին, որով Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հայաշատ թաղը ամայացած էր հայութենէ:
Առաջնորդարանի եւ թաղականութեան ջանքերով ձեռնարկուեցաւ, արդի եւ հայաշատ կեդրոնի մը մէջ, եկեղեցւոյ մը կառուցման համար հողամաս մը ապահովել: 1993ին եղած դիմումին պետութիւնը յատկացուց հողամաս մը, որ կը գտնուի Տիգրիսի ձախակողմեան ափին վրայ: Եկեղեցւոյ հիմնարկեքը կատարուեցաւ 2001ին եւ շինարարական աշխատանքները աւարտելու վրայ էին 2004ին, երբ խափանարարներու ձեռամբ եկեղեցին պայթումի ենթարկուեցաւ:
2003ին, երկիրի պետութեան տապալումէն ետք, շուրջ 1500 մուսուլահայեր քրիստոնեայ միւս համայնքներուն պէս նեղութեան ենթակուեցան: Այդ պատճառով մաս մը անոնցմէ տեղաշարժ կատարած են դէպ Իրաքի հիւսիսային՝ մասամբ ապահով, քրտական շրջանը, մաս մըն ալ երկիրը լքած՝ առժամապէս Սուրիա հաստատուած՝ արտասահման գաղթելու նպատակով: Ազգային առաջնորդարանի միջնորդութեամբ Իրաքի հիւսիսային քրտական շրջանի պատասխանատուներու օժանդակութեամբ «Քարամանլիս» կոչուած գիւղաքաղաքին մէջ բնակարաններ կառուցուեցան եւ յատկացուեցան Մուսուլէն հեռացող հայ ընտանիքներու, նոյնպէս քրտական այլ շրջաններու մէջ ապաստան փնտռող հայ ընտանիքներու դիւրութիւններ ընծայուեցան: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, քիւրտ պետական նոյն այրերու կողմէ, տապալած պետութեան օրով անցեալի զուտ հայաբնակ «Հաւրէզ» գիւղի վերակառուցումն ու վերաբնակեցումը:
Այսօրուան տուեալներով Մուսուլի մեր համայնքը չափազանց նուազած է, թաղականութեան աշխատանքները՝ գրեթէ ջլատուած: