
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կիրակի, Յուլիս 29ին, Լոնտոնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ Համահայկական բացօթեայ փառատօնը՝ «Արմինիըն Սթրիթ Ֆեսթիվըլ»ը (Armenan street festival):
Ըստ Մեծն Բրիտանիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանի մամլոյ դիւանի հաղորդագրութեան՝ փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Փառատօնը իւրօրինակ տօն մը պիտի ըլլայ լոնտոնցիներուն եւ Լոնտոն ապրող հայերուն համար: Ամբողջ օրը պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւն, տեղի պիտի ունենայ հայկական աւանդական ուտելիքներու համտեսում եւ պիտի կազմակերպուին հայկական խաղեր: Փառատօնը պիտի եզրափակէ յորինող Արթուր Բոբիկանի եւ Անայիս Հեղոյեանի համատեղ համերգը, որ տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Պիտի կատարուին նաեւ բացառապէս հոգեւոր երգեր եւ շարականներ:
Լոնտոնի քաղաքապետարանը փառատօնի իրականացման համար պիտի փակէ «Իվերնա Կարտընզ»ի (Iverna Gardens) տարածքը, ուր կը գտնուին նաեւ հայկական եկեղեցին եւ Հայաստանի դեսպանատունը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: