
Հինգշաբթի կէս գիշերին, տարբեր տեսակի զէնքերով զինուած երիտասարդ մը մահ ու աւեր սփռած է Տենվըրի մէջ, կրակ բանալով «Պեթմեն. տարք նայթ Ռայզըս» շարժապատկերի առաջին ցուցադրութեան ներկայ ըլլալու անձկութեամբ թատերասրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն վրայ՝ սպանելով 12 հոգի եւ վիրաւորելով 59 ուրիշներ: Ոճրագործը ձերբակալուած է: