
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկերեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի եւ Էտ Ռոյսի օրինակին հետեւելով, քոնկրեսականներ կը շարունակեն շնորհաւորական նամակներ յղել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, նախագահական ընտրութեանց յաջող ընթաքին կապակցութեամբ:
Ներկայյացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Հաուըրտ Պըրմըն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին յղուած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է, թէ Յուլիս 19ին կայացած նախագահական ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը շարունակաբար կ՛ամրապնդէ ժողովրդավարութեան հիմքերը: Ան նաեւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթած է նախագահ վերընտրուած Բակօ Սահակեանին, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը գտնէ վերջնական ու խաղաղ կարգաւորում՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրացման միջոցով:
Իր կարգին, Պրետ Շըրման, որ 1990ականներու կիսուն առաջ մղած էր Արցախի իշխանութեանց ամերիկեան ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրելու ջանքերը, նախագահ Սահակեանին շնորհաւորելէ ետք կը գրէ, թէ հակառակ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին վրայ բանեցուող ճնշումներուն, արցախցիները հաստատակամ քայլերով կը շարունակեն ժողովրդավարականացման ջանքերը, խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Լեռնային Ղարաբաղը անկախացնելու եւ աւելի բարգաւաճ դարձնելու փորձերուն:
Քոնկերեսական Էտըմ Շիֆ, ողջունելէ ետք ազատ եւ արդար ընտրութեանց կայացումը, կը շնորհաւորէ նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր: «Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան գաաղփարին նուիրուելով, հակառակ իրենց աւելի մեծ, աւելի հարուստ, սակայն միաժամանակ հակաժողովրդավար դրացիին սպառնալիքներուն եւ, արցախցիները իրենց արարքներով ցոյց կու տան, թէ ներկայացուցչական կառավարութեան մը գաղափարին ջատագովները կը մնան: Իրենց դատը մեր դատն է եւ անոնք պիտի շարունակեն վայելել իմ ուժեղագոյն նեցուկը», կը գրէ Շիֆ իր շնորհաւորական նամակին մէջ:
Նման ուղերձներ յղած են հայազգի քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Սիսիլին եւ Ճիմ Քոսթա: