

Շնորհակալութիւն… Վեց վանկերէ բաղկացած այս բառը կը յայտնեմ քեզի, ո՛վ կեանք տեսած ընկեր: Այն անձերուն, որոնք իրենց սիրած ճիւղը զատորոշելով՝ նուիրուեցան գործի ասպարէզ, ունենալով Հայաստանը իբր իրենց հեռանկարը: Աշխատասէր… տաղանդաւոր… մշակութասէր… կարգ մը բառեր, որոնք հայուն նկարագիրին մաս կը կազմեն եւ զայն կազմած են մեր ժողովուրդի սկզբնական շրջաններէն մինչեւ օրս, երբ հայը իր զօրաւոր կամքով կը պահէ իր մշակոյթը եւ կը պայքարի օտարութեան ալիքներուն դէմ: Մեր վեց հազար տարուան պատմութիւնը ունեցած է իր վերիվայրումները, որոնք թէկուզ ընկճած են մեր ազգը, սակայն հայ ազգը երբեք չէ դադրած ստեղծագործելէ եւ իր կնիքն ու ինքնութիւնը ողջ պահելէ:
Վերջին ամսուան ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ առիթը ունեցանք ծանօթանալու տարբեր անձերու, որոնք արժանացած են բարձր պաշտօններու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) տարբեր կառոյցներուն մէջ: Այդ անձերու շարքին էր ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչները, որոնք ամէն ջանք թափելով՝ կրնան պահել դիւանագիտական յարաբերութիւններ տարբեր երկիրներու հետ: Թղթակից Ֆլորենս Աւագեան, լրագրութեան ճիւղը բռնելով՝ խուճապի մատնած է տարբեր ղեկավարներ, երբ հարցուցած է Հայաստանի կամ Արցախի մասին հարցումներ: Մովսէս Աբէլեան՝ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի տնօրէնը, որ կը ղեկավարէ ՄԱԿի կարեւորագոյն գործերն ու հարցերը: Գարեգին Մանուկեան՝ ՄԱԿի Ընկերային եւ տնտեսական խորհուրդի ղեկավար, եւ Արփինէ Կորեկեան, որ տարբեր կառոյցներու մէջ տարած է տարբեր աշխատանքներ ու վարած է տարբեր պաշտօններ: Ծանօթացանք Քիմ Հագիմեանի հետ, որ Հայաստանի վերանկախա- ցումէն ի վեր քարոզչութիւն կը տանի՝ նոր մայրեր դաստիարակելու համար Հայաստանի մէջ: Վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ կը հասնի իր աւարտին, եւ առիթը ունինք ծանօթանալու ուրիշ անձերու, ինչպէս՝ Վարդան Գրիգորեանի հետ, որ եղած է «Պրաուն» համալսարանի տնօրէն եւ այժմ նախագահն է «Carnegie Corporation»ին:
Այս անձերը իրենց ամէնօրեայ կեանքի ընդմէջէն գտած են ձեւ մը աշխատելու ու իրենց մասնագիտութեան հետեւելու այս օտար ափերուն մէջ: Հայ ազգը ո՛չ վախճանի ճամբուն վրայ է եւ ոչ ալ նահանջի մէջ: Հայ ազգը կ՛արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ: ՄԱԿի այս պաշտօնեաները անուղղակիօրէն մեր Հայ Դատի զինուորներն են, որոնք ամէնէն պարզ հանդիպումներու ընդմէջէն կրնան օտարներուն սորվեցնել պատմութեան դաս մը՝ մեր հայութեան մասին:

Ամէն հայ երիտասարդի նման, ես ալ մտածած եմ իմ ապագայիս մասին: Ունէի ցանկութիւնը ըլլալու ուսուցչուհի, իրաւաբան կամ օդաչու: Կեանքը աւելի դիւրին կ՛ըլլար, եթէ

յաւիտեանս մնայինք աշակերտ, բայց քանի որ կեանքի պայմանները այդ պիտի չներեն, որոշեցի սորվիլ «Business Management» եւ «Politics and History»: Հայ ըլլալս չունէր որեւէ մէկ ազդեցութիւն իմ ապագայի ծրագիրներուս վրայ, բայց ապագային հայ ըլլալուս պատճառով պիտի ունենամ աւելի մեծ պարտաւորութիւն: Հայրենասէր ըլլալու եւ «լա՛ւ հայ» ըլլալու համար, հազար ու մէկ բան կրնանք ընել, բայց բոլորը կու գան նոյն արմատներէն: Ամէն հայ պարտաւոր պէտք է զգայ, եւ նուազագոյնը՝ իր շրջապատին մէջ քարոզչութիւն կատարելու ու այդ ճամբով պաշտպանելու հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները:
Ինքնաշխատութեամբ եւ զօրաւոր կամքով արդէն իսկ հայերը կրցած են հասնիլ այդ բարձր պաշտօններուն. նոր ու կազմաւորուած սերունդ մը կը յառաջանայ: Այս մտաւորականներու խաւը ներշնչեց մեզ եւ հպարտութեամբ ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս իրենց տարբեր ճիւղերով կրցած են ոչ միայն ըլլալ լաւ քաղաքացի եւ տարբերութիւն ստեղծել այս գաղութին մէջ, այլեւ՝ հայութեան օգնել եւ հայ անունն ու ինքնութիւնը միշտ բարձր պահել:
Շնորհակալութիւն եւ յարգանք ձեզի, կեանք տեսած ընկերներ, որ կրցաք ձեր կեանքի օրինակով մեզի սորվեցնել, թէ մեր ապագան ու հեռանկարը Հայաստա՛նն է: Իսկ իբր երիտասարդներ՝ պատրաստ ենք ստանձնելու տարբեր պարտականութիւններ, որպէսզի դառնանք ջահակիները մեր սերունդին, ու հայ ազգին պարգեւենք Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի իրականացած երազի տեսլականը:
* Վերժինի Թուլումեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, եւ այժմ կ՛ապրի Լոս Անճելըս, ուր կ՛ուսանի «Ուուտպըրի» համալսարանը, Business Management եւ Politics and History ճիւղերուն մէջ: Տարիներու ընթացքին, Վերժինին եղած է գործօն անդամ Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ եւ այժմ ատենապետուհին է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտին: Վերժինին ցանկութիւն ունի զբաղելու միջազգային հարցերով, յոյսով, որ օր մը կրնայ ներկայացնել Հայաստանը իբրեւ դեսպան: